image

ԼՂՀ ԱԳՆ ղեկավարի ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսը

ԼՂՀ ԱԳՆ ղեկավարի ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսը

 28 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերով նախարար Կարէն Միրզոյեանի տարեկան ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսը։ Ներկայացնելով տարուայ ընթացքին ԱԳՆ կողմէ կատարուած աշխատանքները՝ Կարէն Միրզոյեանը ըսած է, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը եւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը մնացած են ԼՂՀ արտաքին քաղաքական օրակարգի առաջնահերթ ուղղութիւնները։ ԱԳՆ ղեկավարը նշած է, որ ինչպէս ողջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, այնպէս ալ գերատեսչութեան առջեւ ծառացած լրջագոյն մարտահրաւէր հանդիսացան ապրիլի 2-ին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնամաշտապ այարձակումն ու անոր հետեւանքներու յաղթահարումը։ Այս կապակցութեամբ ԱԳՆ կողմէ հետեւողական քայլեր ձեռնարկուած են ապրիլեան յարձակումի պատճառներու ու հետեւանքներու մասին միջազգային հանրութեան իրազեկելու եւ անոր կողմէ ազրպէյճանական յարձակումը եւ այդ ընթացքին իրագործուած միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներու կոպտագոյն խախտումներն ու ռազմական յանցագործութիւնները դատապարտելու ուղղութիւններով։ Մասնաւորապէս, ԼՂՀ ԱԳՆ-ն համապատասխան յայտագրեր տարածած է տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ օժանդակած ԼՂՀ այլ ատեաններու եւ գերատեսչութիւններու տրամադրած տեղեկատուութեան տարածման։ Լրատուամիջոցներու հետ տարուած աշխատանքներու շնորհիւ միջազգային լսարանին ներկայացուած է յարձակումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Արցախի դիրքորոշումը։ Անդրադառնալով ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին՝ Կարէն Միրզոյեանը նշած է, որ, առաջին հերթին, պէտք է ջանքեր կեդրոնացնել սահմանի կայունութեան ու կանխատեսելիութեան ապահովման եւ բանակցութիւնները վերսկսելու համար անհրաժեշտ պայմաններու ձեւաւորման վրայ։ Այս ուղղութեամբ լուրջ քայլ կը հանդիսանայ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպըրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը։ ԼՂՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը վերահաստատած է, որ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթաց մէջ իրական առաջընթացի ձեռքբերումը հնարաւոր է միայն բանակցային գործընթացի եռակողմ ձեւաչափի վերականգնման եւ անոր բոլոր փուլերուն ԼՂՀ անմիջական ու լիարէք մասնակցութեան պարագային։ Կարէն Միրզոյեան նշած է նաեւ, որ ապրիլեան յարձակումի ֆոնին յատկապէս ակնյայտ դարձաւ, որ ԼՂՀ ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու համար անընդունելի է որեւէ առաջարկ, որ կրնայ նոյնիսկ նուազագոյն չափով սպառնալ հանրապետութեան անկախութեանն ու անվտանգութեանը։ Կարէն Միրզոյեանը շեշտած է նաեւ, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը ժամանակի հրամայական է՝ որպէս ազրպէյճանական նոր յարձակման բացառման գործուն միջոց։ Արտաքին գործերու նախարարը համոզմունք յայտնած է, որ այն նաեւ դրական ազդեցութիւն կունենայ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վրայ՝ ապահովելով խաղաղ գործընթացի անշրջելիութիւնը, եւ թոյլ կու տայ կեդրոնանալ երկու անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւններու խաղաղ գոյակցութեան համար անհրաժեշտ մեխանիզմներու եւ պայմաններու մշակման վրայ։ Կարէն Միրզոյեանը վստահեցուցած է, որ ԼՂՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը 2017-ին եւս պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն աշխատանքներ տանիլ՝ ուղղուած Արցախի միջազգային ճանաչման եւ տարբեր մակարդակներու վրայ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման։