image

Լեզուական Փեթակ` Պուրճ-Համմուտը (2)

Լեզուական Փեթակ` Պուրճ-Համմուտը (2)

Թրքագիտութեան  կայուն լսարան մը կը հանդիսանային Պուրճ-Համմուտի խնճոյքներն ու հարսանիքները, ուր տիրող լեզուն, բայց մանաւանդ երգերը միանուագ թրքերէն էին:  Արեւմտահայը ինք հայերէն երգել չէր գիտեր. պէտք եղաւ սպասել քանի մը տասնամեակ, որպէսզի Ատիս Հարմանտեանն ու Լեւոն Գաթրճեանը հայերէն երգէին, հայերէն երգելու մղէին, հայերէն երգել սորվեցնէին:

Այնուհետեւ սունկի պէս բուսան երգիչները, որոնք ամէն տեղ էին եւ ամէն առիթով: Ասոնց մեծ մասը  Պուրճ Համմուտի բեմերուն վրայ կատարելագործեց իր արուեստը, այնուհանդերձ գտնուեցան եւ այնպիսիները, որոնք  Հայաստան մեկնեցան ու հայրենի երաժշտանոցի մէջ ստացան իրենց   կրթութիւնը՝ առանց, սակայն,  մրցիլ կարենալու ինքնուս երաժիշտներուն հետ եւ  տիրանալու  անոնց դիրքերուն ու համբաւին:

Առաջինները ոսկի կը կտրէին, իսկ վերջինները…  թափուր սրահներու մէջ դասական երաժշտութեան ճաշակը կը փորձէին  տալ:

Այս  նոր կացութիւնը  ունէր հետեւեալ յատկանշական  նկարագիրը.  նոր մուտք գործող երգերուն գրեթէ,− կը շեշտեմ՝ գրեթէ,−  բոլորն ալ արեւելահայերէն էին, արեւմտահայերէն երգի երես զարմանալիօրէն չէինք տեսներ:  Եւ որովհետեւ երեւոյթը կը հետաքրքրէր զիս, ապա չէի յաջողեր ձերբազատիլ այս  կացութեան  ներշնչած անհաճոյ զգացումէն:  Յետոյ սկսայ հետզհետէ անդրադառնալ, որ արեւելահայերէնը տիրական էր մեր մանկապարտէզի օրերէն սկսեալ.  այո, հոն եւս արեւմտահայերէն չէինք երգեր, գէթ ինքս չեմ յիշեր նման երգեր:

Տասնամեակներ անց ձեռքս անցաւ Ճեմարանի մանկապարտէզին մէջ ուսուցուող երգերուն ցանկը, որպէսզի «քիչ մը կարգի դնեմ զանոնք». եւ պարագան նոյնն էր, սա տարբերութեամբ, որ այստեղ արեւելահայերէն կարգ մը ծանօթ երգեր վերածուեր էին արեւմտահայերէնի:

Ու տակաւին… քանի մը տարի առաջ  ստացայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արիներու երգացանկին տպարանային մէկ փորձը՝  «վրէպները սրբագրելու» խնդրանքով: Այստեղ ալ կ’իշխէր նոյն պատկերը. քանի մը խաբուսիկ կցմցումներէ բացի՝ բոլոր երգերը արեւելահայերէն էին:

Արեւելահայերէն ալ կը շարունակեն այսօր մնալ մեր երգերը՝ ըստ մեծի մասի:

Իսկ եթէ պիտի փնտռենք անպայման արեւմտահայ երգեր ալ այս բոլորին մէջ, ապա անոնց տիպարը հետեւեալն էր.

                   «Եար գիւլէ, եար գիւլէ, պատէն ելաւ օձը,

                    Գնաց-մտաւ հայ օրիորդին ծոցը»:

Այս երգը, որ կ’երգուէր մասնաւորաբար ուրախ առիթներով,   յօրինողը ի՞նչ կապ կը տեսնէր  պատէն ելլող օձին ու  հայ օրիորդին ծոցին միջեւ… ահա այդ իսկ էր հարցը, որուն  ծայրը հետեւողականօրէն կը հասնէր… թրքական քնարերգութեան  կաղապարին ու ոճին, որոնցմէ կը սնանէր ան.

Ահաւասիկ դասական  նմուշ  մը՝

«Telefonun  telleri,

 Pambuk gibi elleri…»:

Որ թարգմանի՝

Հեռախօսին թելերը,

Բամպակի պէս ձեռքերը:

*    *    *

 

Հայրս առաւօտեան մութնուլոյսին առաջին արթնցողն ու ոտքի կանգնողը կ’ըլլար  տան մէջ: Ան այս «առաւելութիւնը»  կ’օգտագործէր՝ պատրաստելու  մեր նախաճաշը, որ ընդհանրապէս թէյ մըն էր, պանիր, մածնի (լեպնի) ու ձիթապտուղ, երբեմն ալ ծիրանի անուշ:

Իսկ մինչ այդ… կ’երգէր՝ այնպիսի քնքուշ ձայնով մը, որ ոչ մէկը կը խանգարէր եւ միայն ես կը լսէի, քանի երկրորդ արթնցողը ստուգապէս ես կ’ըլլայի: Սակայն չէի աճապարեր,  կը շարունակէի վայելել անկողինին ջերմութիւնը՝ ականջս տուած հօրս երգերուն, որոնք այնքան անուշ կը հնչէին, այնքան խոր կ’ընկալուէին ու կը տպաւորուէին մէջս, այն աստիճան, որ մանրամասն կը պատկերացնէի  անոնց թելադրած բոլոր դրուագները:

Եւ ահա անոնք  բոլորն ալ… արեւելահայերէն էին:

Ամէնէն շատ տպաւորած էին  զիս Թումանեանի «Անուշ»-էն հատուածներ.

«Ա՜խ, կը մեռնեմ, աման նա

                    Վա՜յ թէ յանկարծ իմանայ,

                    Ես ազատուեմ էս ցաւից,

                    Աչքը լալով՝ նա մնայ…»:

          Այս հատուածը այնպիսի վարակիչ  ապրումով մը կ’երգէր, որ չէի յաջողեր զսպել յուզումս.  կ’ունենայի այն տպաւորութիւնը, թէ շնչահեղձ պիտի դառնամ եւ առ այդ՝ աւելի կը կեդրոնանայի, կ’ամփոփուէի վերմակիս տակ եւ   գունդուկլոր կծիկի մը վերածուած՝ կը յափշտակէի  անոր բոլոր բառերը՝   իւրացնելով միաժամանակ  հերոսին՝  Սարոյի բոլոր ապրումները:  Երգը կը դադրէր, իսկ ես հայրենի սարերուն վրայ, իմ սեփական հօտիս ու սրինգիս հետ վերացած՝  անծանօթ Անուշիս  հոգին կը փորձէի խռովել:

          Եւ  կամ՝

«Զարթի՛ր, որդեակ, յուշ բեր, վե՛ր կաց,

                    Պատերազմի փողն հնչեց,

                    Զարթի՛ր,− գոչեց ձայնն հայրենեաց,−

                    Կենաց մահու  ժամ հնչեց…»:

          Այստեղ հօրս ձայնը  արդէն  բոլորովին ուրիշ երանգով ու կշռոյթով կը հնչէր՝ իւրաքանչիւր խազին հետ մէջս  արթնցնելով ու լարերլով  մարտական տրամադրութիւններ ու ախորժակներ: Կը պատկերացնէի այդ  զարմանալի մայրը, որ պատերազմի դաշտ կը ղրկէր իր զաւակը… արհամարհելով  ամէն վտանգ, ընդհուպ մահը:

Ու կ’երեւակայէի, որ ահա իմ մայրս իր կարգին պատրաստած է իմ  «սրաթռիչ երիվարս» եւ ուր որ է մէկ վայրկեանէն միւսը պիտի կանգնի գլխուս վերեւ՝ զարթեցնելու զիս, որպէսզի  արագընթաց սլանամ   դէպի  «տկարութիւն չճանչցող նպատակս», որ  ունէր նոյն անվրէպ թիրախը՝ Թուրքիան, ուր պիտի խելայեղ  արշաւէի՝   «արեան ծովի վերածելու համար  Իսթանպուլը» եւ աշխարհի երեսէն ջնջելու անոր վերջին հետքը:

Այո՜, ասոնք երկար փայփայուած երազներս էին, որոնք կը խռովէին  հոգիս կանոնաւոր յաճախականութեամբ:  Բայց կեանքը  ուրիշ ճամբով ընթացաւ:

Օր մըն ալ  առաւօտեան երգերը լռեցին,   երազներուս  աստեղազարդ երկինքը   անակնկալօրէն   փուլ եկաւ,  ու այնպէս ալ եւ Արետիք Իսահակեանի բանաձեւումով՝

«Սազը չձգեց, որ հայդուկ դառնայի,

Սուրը չձգեց, որ աշուղ  դառնայի»:   

 

Արմենակ Եղիայեան