ՀՀ առաջին եւ երկրորդ նախագահներ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Քոչարան կը ցանկան մեկնիլ Մոսկուա՝ ռուսական էլիտայի ներկայացուցիչներուն հետ ԼՂ-ի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու եւ քննարկումներու հետեւանքով Հայաստանի կառավարութեան ստեղծուած իրավիճակին յստակ լուծումներ առաջարկելու համար: Այս մասին «դիմատետր»-ի իր էջին գրած է վարչապետի մամլոյ խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան:
«Ի պատասխան լրատուամիջոցներու հարցերուն տեղեկացնեմ, որ ԼՂՀ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկատի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը 20 հոկտեմբերին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ տեղեկացուցած են, որ ՀՀ առաջին եւ երկրորդ նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը եւ Ռոպերթ Քոչարեանը կը ցանկան մեկնիլ Մոսկուա՝ ռուսաստանեան վերնախաւի ներկայացուցիչներու հետ ԼՂ-ի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու եւ քննարկումներու հետեւանքով Հայաստանի կառավարութեան ստեղծուած իրավիճակին յստակ լուծումներ առաջարկելու համար:»,- գրած է Գէորգեանը:
ԼՂՀ պաշտօնաթող նախագահները առաջարկած են, որ հնարաւոր այցի արդիւնքները քննարկուին Հայաստանի եւ ԼՂՀ նախկին եւ ներկայ ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ:
«Վարչապետ Փաշինեան, ընդգծելով, որ չի կրնար խոչընդոտ հանդիսանալ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի հնարաւոր որեւէ քայլի՝ համաձայնած է առաջարկութեան: Մեր տեղեկութիւններով պաշտօնաթող նախագահները դեռեւս Հայաստանէն չեն մեկնած: Ամէն պարագային, վարչապետը եւ կառավարութիւնը բաց ստեղծուած են իրավիճակի հանգուցալուծման առաջարկներու համար եւ երբեք չեն հրաժարած նման առաջարկներու քննարկումէն»,- նշած է Մանէ Գէորգեան: