Հոկտեմբերին Վրաստանի իշխանութիւնները նախատեսած են դատական հայց ներկայացնել երկրի Սահմանադրական դատարան՝ պահանջելով արգիլել նախկին նախագահ Միխէիլ Սահակաշվիլիի հիմնած ընդդիմադիր «Միացեալ Ազգային Շարժում» կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան հայեացքները եւ քաղաքականութիւնը կիսող այլ քաղաքական խմբաւորումները։
Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն, ըստ ԹԱՍՍ-ի։
«Մենք, հաւանաբար, համապատասխան հայց պիտի ներկայացնենք հոկտեմբերին՝ հակասահմանադրական ճանչնալու համար «Ազգային շարժում» խումբը կազմող բոլոր կուսակցութիւնները։
Սա ժողովրդավարական գործընթաց է, եւ հայցը անպայման պիտի ներկայացուի Սահմանադրական դատարան»,– ըսած է Քոպախիձէն։