Ֆրանսական Le Figaro թերթը կը գրէ, որ իսրայէլեան ռազմական ռազմավարութեան արդիւնաւէտութիւնը որպէս «անձեռնմխելի պետութիւն» կախուած է բարակ թելէ։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»
Ֆրանսական «Le Figaro» թերթը հաստատած է, որ Իսրայէլի «անձեռնմխելի պետութեան» օրինակը արդէն աւարտած է՝ Իրանի կողմէ կատարուած յարձակումէն ետք։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ , որ «Անձեռնմխելի պետութեան» ռազմավարութիւնը Իսրայէլ որդեգրած է իր բոլոր պատերազմներուն՝ 2006 թուականէն ի վեր։ Իսրայէլ այդ ռազմավարութիւնը որդեգրած է (ի դէպ այդ ռազմավարութիւնը կը կրէ «Հարաւի արուարձան» անուանումը) 2006 թուականին Լիբանանին դէմ մղուած «յուլիսեան պատերազմ»ին ժամանակ, երբ Պէյրութի հարաւային արուարձանը համակարգուած կերպով «ոչնչացուեցաւ»։ Այդ ռազմավարութեան հիմքն է՝ ոչ համաչափ կրակային ուժի կիրառումը եւ հարուածի տակ անցած ամբողջ շրջանի ենթակառուցուածքը հողին հաւասարեցնելու դիտաւորութիւնը, նպատակ ունենալով ստիպել ժողովուրդին վճարել դիմադրութեան ղեկավարութեան մօտեցման գինը եւ կերպով մըն ալ ստեղծել ներքին ըմբոստութիւն։
Թերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի վրայ յարձակումէն ետք «անձեռնմխելի, յարգուած եւ վախ առթող պետութեան պատկերը, իր հերթին, բարակ թելէ կախուած է»։
Ֆրանսական թերթը նաեւ գրած է. «7 Հոկտեմբերին «Համաս»-ի ուղիղ յարձակումէն դեռ տարի մը չանցած արդէն երկրորդ յարձակումը տեղի կ՚ունենայ եւ Իսրայէլի թշնամիներէն շատեր արդէն կը հատեն դժուարին սահմանները՝ անտեսելով հնարաւոր հետեւանքները. եւ այս անգամ հերթը Իրանինն է»:
Պարբերականը նշած է, որ «Թէլ Աւիւը կիրակի առաւօտեան արթնացած է մռայլ», եւ որ միլիոնաւոր իսրայէլցիներ անքուն գիշեր անցուցած են՝ իրանեան ԱԹՍ-ներու եւ պալիսթեան հրթիռներու պայթումներուն հետեւանքով։
Le Figaro-ն հաստատած է, որ իսրայէլացիները միամիտ չեն, եւ անոնց վստահութիւնը իրենց կառավարութեան նկատմամբ արդէն սահմանափակ է. նշելով, որ ներկայիս խնդիրը շատ աւելի կարեւոր է, քան Իրանի տարածքէն Իսրայէլի ուղղութեամբ 200 հրթիռ արձակելը։
Պարբերականը մատնանշած է, որ Իսրայէլն ու ամերիկացիները պէտք է արագօրէն իրենց ոտքերը «գետին դնեն» փոխանակ շարունակելու կուրօրէն հաւատալ իրենց անպարտելիութեան։
Le Figaro-ն հաստատած է, որ Իսրայէլ երբեք այս աստիճանի անվտանգութեան սպառնալիք չէ ապրած 1948-ին իր հիմնադրումէն եւ ԱՄՆ-ի անվերապահ նեցուկէն ի վեր։
Իսրայէլի կառավարութեան ղեկավար Բենիամին Նաթանիահուի հասցէին հեգնական մեկնաբանութիւն ընելով, թերթը կը նշէ, որ ան կը հաւատար, որ ինքը պիտի ներկայանայ որպէս «նոր Գողիաթ» որմէ «պիտի վախնար» ամբողջ տարածաշրջանը 7 հոկտեմբերէն ետք. սակայն ան այժմ «այն մարդն է, որու իշխանութեան օրով, Իրանն առաջին անգամ ըլլալով անվախօրէն հարուածեց Իսրայէլը»:
Պարբերականը յիշեցուցած է, որ, անկախ իր միջուկային ծրագրէն, Իրան առաջին ռազմական տէրութիւնն է Պարսից ծոցին մէջ, եւ անոր բանակը իր մարդուժով եւ սպառազինութեամբ տարածաշրջանի ամենաուժեղ բանակներէն է, իր 350.000 զինուորով եւ 350.000 պահեստային զինուորներով։
Թերթը կը գրէ, որ թէեւ Իրանը աւանդաբար կը քննադատուի իր բանակի թուլութեան համար, սակայն Իսրայէլին ուղղուած ապտակը ամբողջութեամբ վերափոխեց խաղաքարտերը՝ ընդգծելով, որ եղածը բացարձակ յաջողութիւն է Թեհրանի համար։
Պարբերականը նշած է, որ Իրանը յստակօրէն ցոյց տուաւ իր կարողութիւնը՝ այս յարձակումը դարձնելով լայնածաւալ փորձութիւն,ընդգծելով, որ Իրանը ոչ մէկ թուլութիւն ցոյց տուաւ, այլ ընդհակառակը, «ցուցադրեց անհաւանական ուժ»:
Պարբերականը նշած է, որ Իրանի յարձակումը ահռելի ռազմավարական յաջողութիւն էր բոլոր առումներով, եւ որ Իսրայէլ այլեւս միակը չէ, որ խորապէս կը վախնայ Իրանէն, այլ կան նաեւ արեւմտեան եւ արաբական մայրաքաղաքներ, որոնք լիովին հասկցան յղուած ուղերձը։
Le Figaro եզրափակած է, ըսելով. «Հինգ տարիէն պակաս ժամանակի մէջ Ռուսիան, Չինաստանը եւ այժմ Իրանը ապացուցեցին, որ Արեւմուտքը ամէն օր աւելիով անդունդի եզրին է`սկսած Իսրայէլէն, եւ մենք պէտք է այդ մասին մտածենք եւ ահազանգենք»։