image

Արիւնոտ հարսը

Արիւնոտ հարսը

Տղա՛ս, մոռցի՛ր Նենսին, ես հայ հարս եւ հայախօս թոռնիկներ կ՚ուզեմ:

-Մա՛յրս, ես Նենսիին կը սիրեմ, մենք իրարու համար ստեղծուած ենք։ Հայ աղջիկը քու ցանկութիւնդ է, իսկ Նենսին իմ միակ փափաքս:

-Է՜հ տղաս, շատ կը ցաւիմ, որ միակ խնդրանքս չես յարգեր, տարիներ յոգնեցայ վրադ, գիշերը ցերեկին խառնեցի եւ դուն կը մերժես զիս ուրախացնել: Ողորմած հայրդ ալ եթէ ողջ ըլլար միայն հայ հարս մը առնելու պարագային քեզի օրհնութիւն ու բարիք պիտի ցանկար:

Տիկ. Հերմինը այս խօսքերէն ետք արցունքները կը սրբէր, խորունկ շունչ մը կը քաշէր, որպեսզի հեկեկացող կուրծքը հանդարտեցնէր: Այսպէս ամէն օր նո՛յն յանկերգը, նո՚յն աղաչական խօսքերը, նո՛յն արցունքոտ աչքերը, սակայն Միսաքը անդրդուելի կը մնար:

-Միսա՛ք, տղա՛ս, այսօր Լիբանանէն հօրեղբայրդ խօսեցաւ եւ շեշտեց, որ քեզի համար շա՜տ աղուոր աղջիկ մը տեսեր է, ուսեալ, բարեկիրթ, ամօթխած, հաւատացեալ…։ Մէյ մը Լիբանան գնա՛, աղջիկը տե՛ս. կրնայ ըլլալ սիրտդ եռայ եւ ուզես ամուսնանալ: Այդպէսով ես աշխարհի ամէնէն երջանիկ մայրը կ՚ըլլամ, երբ հայ հարսի մը հետ կ՚ապրիմ ու հայերէն կը խօսիմ:

Միսաք մօրը լացէն ու աղաչանքէն զզուած,  իր ճամբորդական պայուսակը չկամութեամբ պատրաստեց եւ մեկնեցաւ Լիբանան իր հօրեղբօր տունը: Հօրեղբայրը բոլոր ազգականներուն նախօրօք տեղեկացուցած էր, որ փեսայ  Միսաքը կու գայ Էլիզին հետ ամուսնանալու: Երբ Միսաքը Էլիզին տեսաւ, ոչ ուրախացաւ եւ ոչ ալ սիրտը եռաց...: Բայց հայ հարս մը ունենալու եւ իր մօրը գոհացնելու համար հարսանիքի թուական որոշեց:

Միսաք- Էլիզ պսակադրութիւնը  ձախող ու ողբերգանման բան մը դուրս եկաւ: Հարսնիքէն անմիջապէս ետք ընտանիքները՝ հարսին ու փեսային ազգականները, իրար հետ կռուեցան, թշնամացան, նոյնիսկ իրար ծեծեցին: Օրէ- օր Միսաք պաշտպանող խումբը մեծցաւ, նոյնպէս ալ Էլիզ պաշտպանողները: Հոս կ՚արժէ նշել, որ մեր հանրութիւնը այս ուղղութեամբ ճանչցուած է, որ որեւէ նիւթ, պատահար, կամ գաղափար մեզի դիւրութեամբ երկուքի  կը բաժնէ, խստօրէն կողմնակալ կը դարձնէ, կը թշնամացնէ ու իրար միս կրծելու կը պատրաստէ:

Ես փոքր աղջիկ էի, բայց բաւական արթուն...: Հօրս հետ այցելութեան գացած էինք տուն մը, ուր Միսաքին ու Էլիզին նիւթը կ՚արծարծուէր։ Յանկարծ հակասական կարծիքները՝ սուր վիճաբանութեան ու բարձրաձայն կռիւի վերածուեցան: Ես ապշած էի, բայց մանկական  բնազդովս զգացի, որ Էլիզը անմեղ զոհ մըն էր, իսկ յետագային պատանի հասակիս հաստատեցի, որ ան  չարասիրտ  մարդոց «զոհասեղանին» վրայ եւ զրպարտութիւններու տարափին տակ կրկին ու կրկին կը «յօշոտուէր» ու կ՚արիւնէր:

Հարսանիքէն անմիջապէս ետք նորապսակ զոյգը պանդոկ կ՚երթան: Միսաքին երեսը թթուած էր, ան ջղային շարժումներով կը փորձէր իր շապիկին դաստակը  զարդարող կօճակները քակել։ Էլիզը՝ հոգատար հայ հարսը, մօտեցաւ օգնելու իր ամուսինին, բայց ան կոպտութեամբ Էլիզին ձեռքը հեռացուց եւ զզուանք արտայայտող դէմքով դիմեց անոր. « Անդին գնա՛, ես քեզի պէտք չունիմ. շատ յոգնած ու բարկացած եմ եւ չեմ ուզեր երեսդ տեսնել»: Էլիզ պահ մը զգաց, որ իր գլխին մեծ քլունկի հարուած մը ստացաւ, անոր աչքերուն մէջ արծաթագոյն թռչուններ խաղացին, սիրտը խառնուեցաւ, գլուխը երերաց, սենեակը մթագնեց եւ ան ուշակորոյս գետին ինկաւ։ Էլիզին գլուխը կահոյքի մը եզրին զարնուեցաւ ու դառնօրէն արիւնեցաւ: Սառնասիրտ  Միսաքը պանդոկի պաշտօնեաներուն դիմեց, որոնք շտապ օգնութեան միջոցաւ արիւնոտ «հարսը» հասցուցին հիւանդանոց:

Միսաք իր կամեցած ձեւովը Էլիզին ընտանիքին յայտնեց պատահարը ու Պիղատոսի նման ինքզինք պատասխանատուութիւնէն դուրս հանեց: Ան նոյնիսկ չայցելեց Էլիզին, կամ անոր հիւանդանոցի ծախսերը հոգաց: Խեղճ աղջկան անպէտք բալասի նման  իր կեանքէն դուրս շպրտեց եւ «հոյակապ» պատրուակ մը շալկած ներկայացաւ իր հօրեղբօր ընտանիքին ու հանրութեան:

-Էլիզը հիւանդոտ է, կը մարի. ես Ամերիկայէն չեկայ, որպէսզի Լուսնոտ (epileptic) աղջկայ հետ ամուսնանամ:

Էլիզին վրայ չարաչար փակցուցին հիւանդոտի պիտակը: Իրականութեան մէջ Էլիզը շատ առողջ աղջիկ էր եւ մինչեւ հարսնիքին օրը նման բան մը պատահած չէր: Միսաքին ազգականներէն ոչ մէկը բարեհաճեցաւ արդարօրէն դիտելու եւ դատելու եղելութիւնը, ոչ մէկը ընդունեց, որ պատահածը Միսաքին անողոք վարմունքին արդիւնքն էր, որ հոգեկան մեծ ցնցում առաջացուցած էր  եւ ահաւոր հարուած մը՝ Էլիզին  նուրբ ներաշխարհին ու  ցգացումներուն։ 

Միսաք, շուտով վերադարձաւ իր Ամերիկան ու իր Նենսիին, որուն սանձարձակ ու կրքոտ գիրկին մէջ վարժուած էր գերերջանիկ զգալու:

Վերջապէս Տիկ. Հերմինը ընդունեց Նենսիին, թէեւ անոր լեզուին ու կենցաղին ծանօթ չէր, բայց ինչ ընէր կամ ըսէր: Իր «խեղճ» Միսաքը շատ ուզեց հայ հարս մը առնել, բայց չբախտաւորուեցաւ։ Հարսը հիւանդոտ ելաւ:

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...