image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութ. Մահացած է նուիրեալ միութենական Տիկն. Արշալոյս Մելիքսէթեանը

Պէյրութ. Մահացած է նուիրեալ միութենական Տիկն. Արշալոյս Մելիքսէթեանը

Կան անհատներ, որոնց հեռացումը միայն ընտանիքի կամ մտերիմներու կորուստը չէ, այլ՝ ամբողջ համայնքի մը լռեցնող ցաւը։ Անոնք իրենց ներկայութեամբ կը դառնան յենարան, վստահութիւն եւ յիշատակ, որ տարիներ շարունակ կը մնայ ապրողներուն հոգիներուն մէջ։ Այսօր ալ, ծանր սրտով կը կանգնինք նման կորուստի մը առջեւ՝ գիտակցելով, թէ որոշ բացեր բառերով չեն լեցուիր, այլ միայն յիշողութեամբ ու երախտագիտութեամբ կը շարունակեն ապրիլ։

Այդ կերպարներէն է, սիրելի Մայր եւ նուիրեալ Հ.Մ.Մ. Տիկն. Արշալոյս Մելիքսէթեանը, որ մահացաւ օրերս՝ Պէյրութի մէջ։

Այս առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ շրջանակի հարազատներուն յիշելով մասնաւորապէս՝ Սեպուհ եւ Ռաֆֆի Մելիքսէթեան եղբայրները, որոնց մայրիկն է հանգուցեալը։

Ստորեւ հանգուցեալի մահագրականը, որ հրապարակուած էր Հ.Մ.Մ.ի պաշտօնական էջով։

Հ.Մ.Մ. Պէյրութի մեծ ընտանիքը կը գուժէ նախկին Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Կանանց Վարչութեան Ատենապետուհի Տիկին Արշալոյս Մելքիսէթեանի մահը։ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ իր ամուսինին Հ.Մ.Մ. Պէյրութի նախկին Ատենապետ ընկեր Յովհաննէս Մելքիսէթեանին եւ իր զաւակներուն, նաեւ իր թոռան ներկայիս Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Ֆութպոլի մարզիկ Յովիկ Մելքիսէթեանին։

Երկնային խաղաղութեան ու լոյսերու մէջ հանգչի քու ազնիւ հոգին յարգելի ընկերուհի։