Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնագրի նախագիծը կը պարունակէ 60 օրով հրադադարի դրութիւն հաստատելու մասին կէտ, ներառեալ՝ Լիբանանի մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Մեճլիսի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան կոմիտէի անդամ Ալաէտտին Պորուճերտին։
«Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ նախնական համաձայնագրի նախագիծով նախատեսուած է, որ առաջին փուլին Միացեալ Նահանգները կը պարտաւորուի համապարփակ 60-օրեայ հրադադար հաստատել ռազմական գործողութիւններու բոլոր ճակատներուն վրայ, յատկապէս՝ Լիբանանի տարածքին մէջ»,- անոր խօսքերը մէջբերած է Մեճլիսի մամուլի ծառայութիւնը։
Իրանի հետ համաձայնագիրի նախագիծին համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները նաեւ պիտի պարտաւորուի դադրեցնել Իրանի ծովային շրջափակումը եւ ապասառեցնել արտասահմանի մէջ գտնուող իրանական սառեցուած միջոցները։
«Իրանական սառեցուած միջոցներու զգալի բաժինի ազատագրումը եւ ծովային շրջափակման դադրեցումը նոյնպէս այս համաձայնագիրի պահանջներէն են»,- անոր խօսքերը մէջբերած է Մեճլիսի մամուլի ծառայութիւնը։
Ինչպէս նշած է իրանցի խորհրդարանականը, Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրուելիք որեւէ վերջնական փաստաթուղթ, ամէն պարագայի, ուղղուած պիտի ըլլայ Իրանի շահերու պաշտպանութեան։