image

Մեր եւ ԵՄ-ի ռազմավարական օրակարգը Ռուսիոյ դէմ ուղղուած չէ․ Միրզոյեան

Մեր եւ ԵՄ-ի ռազմավարական օրակարգը Ռուսիոյ դէմ ուղղուած չէ․ Միրզոյեան

«Եթէ վերցնենք Եւրոպական Միութեանն ու ԵԱՏՄ-ին ամբողջական անդամակցութիւնը, պարզ է, որ այստեղ հարց է առաջանալու․ մի օր կը քննարկենք, կ՚որոշենք, երբ որ այդ օրը գայ»․ այս մասին մայիս 23-ին քարոզարշաւի ընթացքին ըսած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ պատասխանելով News.am-ի հարցերուն։

Մայիս 22-ին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարն ըսած էր, որ Արեւմուտքը կը փորձէ Հայաստանը ներքաշել հակառուսական ճամբար՝ Ռուսիոյ «որքան հնարաւոր է շատ ցաւ» պատճառելու նպատակով։ Մայիս 9-ին ալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ըսած էր, որ Հայաստանը պէտք է հնարաւորինս շուտ որոշում կայացնէ՝ ԵՄ-ին անդամակցութեան շուրջ։ Ռուսական կողմը վերջին օրերուն Հայաստանէն ներմուծուող որոշ ապրանքներու նկատմամբ սահմանափակումներ կը մտցնէ։

«Մենք մեր ինքնիշխան որոշումներն ենք կայացնում․ շահագրգռուած ենք Ռուսաստանի հետ գործընկերութիւնը պահպանելուն եւ զարգացնելուն։ Հիմա, եթէ այդպիսի յարաբերութիւններն այս կամ այն պաշտօնեային դուր չի գալիս, պէտք է խօսել, հասկանալ, փորձել բացատրել, որ սա գործընկերային է եւ հակառակը՝ գործընկերային չի»,- նշած է նախարարը։

Միրզոյեանը հերքած է նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն պնդումը, թէ Հայաստանը Արեւմուտքի կողմէ կ՚օգտագործուի Ռուսիոյ դէմ։

«Մեր եւ Միացեալ Նահանգների ռազմավարական գործընկերութիւնը, մեր եւ Եւրոպական Միութեան ռազմավարական օրակարգը որեւէ կերպ ուղղուած չեն Ռուսաստանի դէմ»,-ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի միջազգային գործընկերութիւնները միտուած են փոխշահաւէտ համագործակցութեան։

Միզոյեանի խօսքով՝ Երեւանը շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ գործընկերային յարաբերութիւններու պահպանմամբ եւ զարգացմանմամբ, սակայն պիտի շարունակէ նաեւ խորացնել յարաբերութիւններն այլ երկիրներու ու կառոյցներու հետ։

Ան վերահաստատած է, որ Հայաստանը կը շարունակէ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման քաղաքականութիւնը։ Միաժամանակ ան նշած է, որ լիարժէք անդամակցութեան հարցի պարագային ապագային կրնայ առաջանալ քննարկում՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Հայաստանի անդամակցութեան վերաբերեալ։