Ամերիկայի Հիմնադիր Հայրերուն կողմէ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Հռչակումի 250-ամեակին ի պատիւ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Դեսպանատունը, Ուաշինկթըն Տի Սի-ի մէջ Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան Գլխաւոր Կեդրոնէն ներս, կազմակերպած էին ընդունելութիւն մը, նշելու համար պատմական այս յատկանշական հանգրուանը: 2026-ի Մայիսի 1-ին, մօտ 400 հրաւիրեալներ, մասնակցեցան «Հայերը Ամերիկայի Մէջ 250 – Պատիւ՝ Անցեալի, Ներկայի եւ Ապագայի Իրագործումներուն եւ Դրոշմին» խորագրով տօնախմբութեան: Հրաւիրեալներուն մաս կը կազմէին բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ՝ Սպիտակ Տունէն, Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդէն եւ Նահանգային, Առեւտուրի, ուժանիւթի եւ Ռազմական Վարչութիւններէն, քաղաքաքականութեան երէց մշակողներ,Դիւանագիտական կազմի անդամներ, ինչպէս նաեւ երկրի տարբեր շրջաններէն գործարարներ եւ համայնքային ներկայացուցիչներ: Ամերիկահայութեան՝ ի շահ Միացեալ Նահանգներուն կատարած ներդրումներուն եւ իրագործումներուն նուիրուած վերջին շրջանի մեծագոյն տօնախմբութիւններէն մին էր ասիկա, որ մաս կը կազմէր Սպիտակ Տան Հանրային Կապերու Գրասենեակին կողմէ ծրագրուած աւելի լայն նախաձեռնութիւններուն՝ նուիրուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 250-ամեակին:
Երեկոն կ'իմաստաւորուէր նաեւ երկու այլ ուղենշային տարեդարձներու՝ ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 120-ամեակի եւ Հայաստանի Անկախութեան 35-ամեակի զուգադիպութեամբ:


Յայտագրի Ուշագրաւ Բաժիններ
Յայտագիրը սկսաւ Ուաշինկթըն Տի Սի-ի Սէյնթ Մէյրի Շնորհալի հայկական դպրոցի «Շնորհալի Ձայներ Մանկական Երգչախումբ»ի կատարողութեամբ, որոնք երգեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի օրհներգները: Յայտագիրը շարունակուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ հանդիսավար Հայկ Արիյեանի բարեգալուստի խօսքով: Ան հետագծեց ամերիկահայ պատմութեան ուղեծիրը Ճէյմսթաունէն մինչեւ այսօր: Թրամպըլի (Քէնէթիքըթ) Սուրբ Համբարձման Եկեղեցւոյ նախկին հովիւ Տէր Ընձակ Քահանայ Նալպանտեան կատարեց բացման աղօթքը եւ կարդաց Ամերիկայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թէմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամյանի պատգամները:
Ելոյթ ունեցան չորս ակնառու անձնաւորութիւններ: Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Դեսպան Վսեմաշուք Նարեկ Մկրտչյան ընդգծեց հայութեան հայրենիքին եւ մեծաթիւ հայերու համար իրենց հարազատ երկիրը հանդիսացած Ամերիկայի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերուն: «Մեր զոյգ ազգերը մշակութային խոր արժէքներ կը բաժնեն» նշեց Մկրտչյան: «18-րդ դարէն սկսեալ, Երջանիկ Կեանքի եւ Ազատութեան գաղափարներուն յանձնառութեամբ առաջնորդուած են Հայերը եւ Ամերիկացիները ... Այսօր Հայաստանը հպարտօրէն կը դասուի ժողովրդավար ազգերու շարքին, որպէս բանալի գործընկեր ունենալով Միացեալ Նահանգները: Հայաստանի անկախութենէն ասդին, Միացեալ Նահանգները զօրաւոր կերպով աջակցած է անոր ժողովրդավարութեան կազմաւորումին:»
Առեւտուրի, Արդիւնաբերութեան եւ Ապահովութեան Փոխ-Քարտուղար Ճէֆրի Քէսլըր խօսեցաւ Ամերիկայի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու մասին, մատնանշելով որ անոնք նոր բարձունքներ իրականացուցած էին, ձեռնարկին ներկայ եղող արդիւնաբերութեան մարզի հայերուն շնորհիւ: «Թրամբի Վարչութիւնը կեդրոնացած է աւելի ապահով եւ բարգաւաճ աշխարհ մը կառուցելու նպատակին վրայ, ինչ որ անշուշտ կը նշանակէ կայուն գործընկերութեան միջոցաւ մնայուն խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում ապահովել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ:» նշեց ան:
Նախկին Տնտեսական Աճի, Ուժանիւթի եւ Միջավայրի Պետական Փոխ-Քարտուղար, ներկայիս «Ազատութիւն 250»ի Գլխաւոր Վարիչ Տնօրէն Քիթհ Քրաք թուեց հայկական այն արժէքները որոնք կը սահմանեն ազատութեան գաղափարը: «Աւելի քան 1700 տարիներ առաջ, Հայաստանը որոշապէս կատարեց ինքզինք հաւատքի եւ արժանապատւութեան վրայ խարսխելու ընտրութիւնը: Ատիկա դարերու եւ դժուարութիւններու ընդմէջէն ոչ միայն յիշուեցաւ, այլ պահպանուեցաւ եւ փոխանցուեցաւ: Արդիւնքը դուք կը տեսնէք այսօր:»
ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեան, իր կեդրոնական ելոյթով անդրադարձաւ Ամերիկայի մէջ հայութեան կշիռին: «Ամերիկայի պատմութիւնը իր խորքին մէջ ներգաղթածներու պատմութիւնն է, որոնք ազատութեան կը հաւատային եւ ճգնեցան իմաստաւորելու այդ գաղափարը: Հայ Ամերիկեան պատումը մէկ հատուածն է Ամերիկայի լայն իրականութեան – հատուած մը՝ որ գրուած է յարատեւութեամբ, զոհողութեամբ եւ յոյսով:»
Պատուելու համար յիշատակը հայերու «Մեծագոյն Սերունդ»ին, որոնց զոհաբերութիւնը սատարած էր Եկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին մէջ յաղթանակի ապահովումին, ՀԲԸՄ-ի Փոխ-Համանախագահ Արտա Յարութիւնեան յայտարարեց սահմանափակ թիւով վերահրատարակումը «Մեր Տղաքը – Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Հայ Ամերիկացի Վեթէրանները» հատորին, որ ՀԲԸՄ-ը նախապէս հրատարակած էր 1951-ին: Գիրքը կ'արձանագրէ հարիւրաւոր տարբեր աստիճանաւոր Հայ Ամերիկացի զինուորականներու անունները, Միացեալ Նահանգներու բոլոր շրջաններէն եկող, որոնցմէ շատերը Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներ էին: Դէսպան Մկրտչյան եւ Նախագահ Սիմոնեան պաշտօնապէս գիրքէն օրինակներ նուիրեցին Սպիտակ Տան Ռազմավարական Նախաձեռնութիւններու Փոխ-Տնօրէն Ճէքսըն Քրոյի եւ Ռուսիոյ, Կովկասի եւ Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Քաղաքական Հարցերու վերահսկող Պետական Փոխ-Օգնական Քարտուղար Սոնաթա Քաթլըրին:
Յատուկ ներկայութիւն մըն էր Րապին Տհը Րօպաթ մարդամեքէնան, որ ընկերային-զգացական բուժական նպատակներու համար ստեղծուած է: Անիկա հնարուած է Հայաստանի մէջ եւ կազմուած Սիլիքըն Վէլիի մէջ: Այժմ կը գործէ երկրի տարածքին աւելի քան 40 հիւանդանոցներու, ծերանոցներու եւ բուժարաններու մէջ: Թայմ պարբերաթերթը 2021-ի լաւագոյն հնարքներու շարքին դասած էր զայն: Որպէս հայկական նորարարական հանճարի խորհրդանիշ, Րապին-ը իր ներկայութեամբ կը հաստատէր ոչ միայն Ամերիկայի, այլեւ աշխարհի մէջ հայերու դրսեւորած ծառայութիւնները, հնարումները, ներդրումները եւ անոնց ակնյայտ դրոշմը:
Երեկոյի ընթացքին ելոյթներու տիրապետող նիւթը կը հանդիսանար ամերիկահայերու կատարած բազմաբնոյթ եւ ծաւալուն ներդրումը Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Անոնցմէ շատեր ծառայած էին Քոնկրէսէն ներս, պետական գործադիր ճիւղերու մէջ, նահանգային արդարադատութեան եւ դիւանագիտական մարմնէն ներս: Ուրիշներ ընկերութիւններ հիմնած էին հողամշակումի, արդիւնաբերութեան, տնտեսութեան, ճարտարագիտութեան եւ լրատուական մարզերու մէջ: Հայկ Արիյեան շեշտեց թէ ՀԲԸՄ-ը որ հիմնուած էր 1906-ին, աւելի քան 80 տարիներ ղեկավարուած էր Ամերիկա հաստատուած նախագահներու կողմէ, որոնց շարքին Արշակ Գարակէօզեան, ներգաղթած գորգագործ գործարար մը, որուն վստահուած էր Րէտիօ Սիթի Երաժշտասրահին եւ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն Ատեանի շէնքին գորգապատումի աշխատանքը: Ալէքս Մանուկեան, նոյնպէս ներգաղթած գործարար մը, որ հնարողն էր մէկ ձեռքով գործող Տէլթա ծորակներուն եւ որուն ընկերութեան մէջ կը գործէին տասնեակ հազարաւոր ամերիկացի պաշտօնեաներ: Լուիզ Մանուկեան Սիմոն, որ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք գլխաւորեց մարդասիրական օգնութեան աշխատանքերը եւ հիմնեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը: Պերճ Սեդրակեան, Լիբանանէն, գործարարական մարզի կարկառուն փաստաբան մը, որ արդիականացուց Միութեան կազմակերպչական կառոյցը եւ սատարեց Հայաստան-Սփիւռք կապերու սերտացման: Այժմու Նախագահ Սէմ Սիմոնեան, նոյնպէս ներգաղթած գործարար ճարտարագէտ մը, որ իր տիկնոջ Սիլվային հետ Հայաստանի մէջ հիմնեց ԹՈՒՄՈ Ստեղծարար Ճարտարագիտութիւններու Կեդրոնը, որ այժմ տարածում գտած է ամբողջ աշխարհի մէջ, նաեւ Միացեալ Նահանգներ, կայք հաստատելով Լոս Անճէլըսի մէջ, Քալիֆորնիա:
Երեկոն աւարտեցաւ «Մարթա Եւ Ֆոլք Նուագախումբ»ի ելոյթով, որուն վերամշակուած հայկական ժողովրդային, դասական եւ գուսանական երգերու՝ ներառեալ Կոմիտասի սիրուած յօրինումներու կատարումով՝ յայտագիրը իր հնչեղ լրումին հասաւ:
Անդրադառնալով երեկոյին, Նախագահ Սէմ Սիմոնեան նշեց՝ «Այսպիսի ձեռնարկներ մեզի կը վերյիշեցնեն թէ ով ենք մենք եւ ուրկէ կը սերինք: Հայ Ամերիկեան պատմութիւնը վերապրումով չ'աւարտեցաւ: Անիկա շարունակուեցաւ ներդրումով, նորարարութեամբ եւ ծառայութեամբ, ի շահ Ամերիկայի որ մեր հարազատ տունը կը նկատենք: Մինչ ՀԲԸՄ-ը կը լրացնէ իր 120-ամեակը, ես աւելի քան երբէք համոզուած եմ, որ այս պատմութեան լաւագոյն հատուածները տակաւին մեր առջեւն են եւ պիտի գրուին ամերիկահայ յաջորդ սերունդներուն կողմէ, որոնք արդիւնաբերական մարզերու յառաջատարներ եւ կազմաւորուող առաջնորդներ են: