Ռուսաստանէն որեւէ նամակ, գրութիւն չենք ստացած՝ կազի, վառելիքի եւ ադամանդներու մատակարարման համաձայնագրերը միակողմանի խզելու վերաբերեալ։ Այս մասին յայտնած է Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի մամուլի խօսնակ Սոնա Յարութիւնեանը։
Նախօրէին ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը գրած էր, որ Մոսկուան կը սպառնայ խզել կազի, վառելիքի եւ ադամանդներու մատակարարման համաձայնագրերը Հայաստանի հետ․ պատճառը Հայաստանի՝ ԵՄ-ի հետ հետագայ մերձեցումն է։
Ըստ թերթի՝ Մոսկուան 2013-ին այս ապրանքներու համար տրամադրուած անմաքս ռեժիմն այժմ կը համարէ անհնար եւ Երեւանին կը սպառնայ սառեցնել կամ չեղարկել երկկողմ համաձայնագրերը։ Թերթին մեկնաբանած վերլուծաբաններու կարծիքով, Հայաստանը կրնայ ոչ միայն կորսնցնել ռուսական կազի եւ նաւթամթերքի զեղչուած գիներու իրաւունքը, այլեւ ընդհանուր առմամբ յայտնուած է բարդ իրավիճակի մէջ՝ ռուսական մատակարարումները փոխարինելու դժուարութիւններու պատճառով։