Փանամա- Լատին Ամերիկայի խորհրդարանը ՝ «Բարլաթինո»ն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ ` Prensa.am-ը: Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Լատին Ամերիկայի խորհրդարանը յանցագործութիւն որակած է առաջին աշխարհամարտի օրերուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ բնակչութեան դէմ գործադրուած բարբարոսութիւնները: Նշենք, որ Փանամայի մէջ գործող կառոյցը հիմնադրուած է 1964 թուականին եւ կը բաղկանայ 23 երկիրներէ: