image

Լարուած իրավիճակ Ազատութեան հրապարակին մէջ. ոստիկանութիւնը բերման կ՚ենթարկէ հանրահաւաքի մասնակիցները

Լարուած իրավիճակ Ազատութեան հրապարակին մէջ. ոստիկանութիւնը բերման կ՚ենթարկէ հանրահաւաքի մասնակիցները

Ազատութեան հրապարակի մէջ 17 քաղաքական ուժերու հանրահաւաքի մասնակիցները ոստիկանութիւնը բերման կ'ենթարկէ՝ հիմնաւորելով, որ ռազմական դրութեան ընթացքին չի թոյլատրուիր հաւաքներ կայացնելը: Այս գործողութիւններու ընթացքին բերման ենթարկուած են խումբ մը նախկին պաշտօնեաներ, այդ շարքին՝ ՀՀԿ վարչութեան անդամ Էտուարտ Շարմազանովը:

Բողոքի ցոյցի մասնակից ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իւեթա Տօնոյեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ վարչապետը սլաքները կ'ուղղէ Գագիկ Ծառուկեանի ուղղութեամբ, բայց այս գործելաոճը կը շարունակէ տարօրինակ թուալ:

Լրագրողները հարցուցած են, թէ արդեօ՞ք իրենք մասնակցած են պատերազմին: Տօնոյեանը պատասխանած է.

«Ես հիմա ռազմական գաղտնիքներ պիտի չբացայայտեմ, կը կարծեմ, որ Նիկոլ Փաշինեանը ի պաշտօնէ պէտք է տեղեակ ըլլար, թէ ինչ ջոկատներ կազմաւորուած են եւ ինչ գործընթացներ եղած են: Մենք ըսած ենք, որ այս գործընթացը չիրականացուիր այսպէս յախուռն անկազմակերպ, բոլորը համաձայնեցուած է ԶՈՒ ԳՇ-ի հետ, կազմաւորուած են ջոկատներ եւ իրականացուած է գործառոյթներ, վարչապետը պարտաւոր էր իմանալ»:

Իւեթա Տօնոյեանը յայտարարած է, որ հիմա Ծառուկեանը կալանաւորած են, կը տանին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն: