Վերին Լարս տանող ճանապարհը 2 ուղղութեամբ փակուած է նաեւ մարդատար մեքենաներու համար։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մաքսային կցորդ Վահան Յակոբեանը։
Այսօր աւելի վաղ միջազգային նշանակութեան Մցխեթա-Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհի Կուտաուրի-Քոպի հատուածին մէջ տեղացող ձիւնի պատճառով Խաչի լեռնանցքը երկու ուղղութիւններով փակուած է բեռնատար փոխադրամիջոցներու համար։
«Եղանակային պայմաններու վատթարացման պատճառով երթեւեկութիւնը սահմանափակուեց նաեւ թեթեւ մարդատար եւ ուղեւորատար տրանսպորտային միջոցների համար»,–յայտնած է Յակոբեանը։
Այս պահու դրութեամբ ճանապարհը փակ է բոլոր փոխադրային միջոցներու համար: