Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը յայտարարած է, որ Թուրքիան փակած է իր օդային տարածքը Իսրայէլի համար։
«Մենք թոյլ չենք տար իսրայէլեան օդանաւերուն մուտք գործել մեր օդային տարածք», –ըսած է Ֆիտանը Թուրքիոյ խորհրդարանի արտահերթ նիստին, ուր կը քննարկուի Կազայի հատուածին մէջ տիրող իրավիճակը։
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի՝ Իսրայէլը կը խոչընդոտէ մարդասիրական օգնութեան բաշխումը Կազայի մէջ՝ «օգտագործելով սովը որպէս զէնք»։ «Իսրայէլը կը շարունակէ իրականացնել պետական ահաբեկչութիւն։ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւնը կը սրի», – նշած է Ֆիտանը։