image

«Կը պաշտեմ հայրենիքս». Յակոբ Վարդիվառեանի հարցազրոյցը՝ Օհան Տուրեանի հետ (Նիւթը ՝ «Պայքար» շաբաթաթերթէն)

«Կը պաշտեմ հայրենիքս». Յակոբ Վարդիվառեանի հարցազրոյցը՝ Օհան Տուրեանի հետ (Նիւթը ՝ «Պայքար» շաբաթաթերթէն)

ՌԱԿ  Հրապարակագիր,  հանրայայտ գործիչ  Յակոբ Վարդիվառեանի  հարցազրոյցը  միջազգային համբաւի տիրացած  հայազգի  խմբավար՝ Օհան Տուրեանին հետ  

Վիեննա միջազգային երաժշտութեան այն կեդրոնն է, որ հսկայ մագնիսի մը նման, իրեն կը քաշէ երկիր մոլորակի բոլոր երաժշտագէտները։ Ո՞՜վ՝ երաժշտական աշխարհի մեծերէն, չէ անցեր Մոցարդի հայրենիքէն։

Հոն է նաեւ Հայաստանի Ֆիլհարմոնիայի երբեմնի ղեկավարը՝ գոնէ ժամանակի մը համար, իսկ այնուհետե՞ւ... Ու կամայ թէ ակամայ հարցումը արթնցաւ ինձմէ ներս եւ չարչարեց զիս.- ինք որ յարգուած անձնաւորութիւն էր Երեւանի մէջ, պէտք ունէ՞ր արդեօք այս ձեւով գալու Վիեննա. հայրենի հողին վրայ՝ իր տաղանդը աւելի օգտակար պիտի ըլլար իր, մե՛ր ժողովուրդին, մինչ անկէ հեռու... Ի՞նչ կը մտածէ ինք, ի՞նչ բացատրութիւն կու տայ նախ ինքնիրեն, ապա՝ ուրիշին, ուրա՞խ է, թէ...

Այս բոլոր հարցումներուն պատասխանները ի՛նք միայն կրնայ տալ, եթէ անպայման պէտք է պատասխան մը սպասել նման հարցումներու...։

Ծանօթ գորգավաճառ Վարդեաններու տունն ենք՝ Մեսրոպ Եպս. Գրիգորեանը , պոստանաբնակ երգիչ ընկեր Արմէն Տիլանն ու ես։ Ու հոն կը հանդիպիմ մեր տաղանդաւոր խմբավարին։ Սրբազանը կը թելադրէ որ օգտուիմ այս առիթէն՝ պատրաստելու համար հարցազրոյց մը։ Մեր մամուլը վստահաբար հետաքրքրութեամբ պիտի արձագանգէր անոր։

Այդ գիշեր, ինչո՞ւ ծածկեմ, ես տխուր վերադարձայ իմ սենեակս։

 

Օկան Տ՛Նարք - Օհան Տուրեան
Երաժշտական Խմբավար

Հարցումս չբանաձեւած, ի՛նք կը սկսի խօսիլ իր ցաւէն։ Վստահաբար իրակա՛ն ցաւ մը, որուն կ՛ենթարկուի իւրաքանչիւր արտագաղթո՛ղ հայ, եւ Օհան Տուրեան չի կրնար անտարբեր ըլլալ միւս հայերէն, որոնք կը հեռանան մայր հողէն՝ իրենց զաւակներուն աչքերէն հեռացնելով Արարատը։

- Չորս տարիներու ընթացքին, առաջին անգամն է, որ կը տեսակցիմ հայ թղթակիցի մը հետ,¬ կ՛ըսէ ան։ «Պայքար»ը կարդացած եմ մանկութեանս օրերէն ի վեր։ Գիտեմ, թէ ան ճակատի մը, հայրենասէր ճակատին գլխաւոր օրկանն է՝ Ամերիկայի մէջ, սակայն, պիտի խօսիմ հա՛յ արուեստագէտի մը ցաւով։

Օհան Տուրեան սկսաւ իր պատմութեան, 22 տարիներ ետ երթալով...

- Մոսկուայի Երիտասարդական Փառատօնին, 1957¬ին, Ֆրանսայէն, ուր հաստատուած էի, հայրենասիրական մեծ ոգեւորութեամբ մեկնեցայ՝ մասնակցելու համար այդ միջազգային հանդիպումին, Ֆրանսան ներկայացնելով։ Երիտասարդական խանդավառ օրերուս, Հայաստանն էր միակ վայրը, ուր պիտի կարենայի արժեցնել իմ ամբողջ ձիրքերս։ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեամբ եւ այդ օրերու Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Րաֆֆի Պետրոսեանի միջնորդութեամբ տուի երեք համերգ Երեւանի մէջ։ Երեք յաջող համերգներ, որոնք իմ կեանքիս ընթացքը յեղաշրջեցին ամբողջութեամբ։ Հայաստանի մէջ մնալու առաջարկները միացան իմ հայրենասիրական ոգիիս, եւ ինչո՛ւ չէ, ցանկութեանս, ու ես մնացի քաղաքամայր Երեւանի մէջ։

Յաջորդ տարին իսկ, հիւրախաղեր տալու համար, մեկնեցայ Խորհրդային Միութեան մեծ ոստանները, ուր ունեցայ փայլուն անդրանիկ ելոյթներ։ 1960¬ին, պատեհութիւնը ունեցայ այցելելու Արեւելեան Եւրոպայի քաղաքները, ուր՝ նմանապէս, տուի համերգներ։

Իրերայաջորդ յաջողութիւններս պատճառ եղան, որ Ֆիլհարմոնիայի ղեկավարութեան համար, տարօրինակօրէն, դառնամ «սեւ ոչխար»։ Իմ այս աննախընթաց ժողովրդականացումս լաւ աչքով չէր դիտուեր ոմանց կողմէ։ Եւ սկսան ծագիլ անհամաձայնութիւններ։

Սակայն, հակառակ Ֆիլհարմոնիայի տնօրէնութեան յարուցած դժուարութեանց ու սեղմումներուն, ես կը մնայի սիրուած խմբավարը հայրենի ղեկավարութեան։ Այս պատճառով ալ, երաժշտական պայմանագրութիւններ կ՛ընէի, քանի կը վայելէի յարգանքն ու վստահութիւնը իմ ժողովուրդիս։

 

- Պր. Տուրեան, ո՞ւր յանգեցաւ ձեր անհամաձայնութիւնը Ֆիլհարմոնիայի տնօրէնութեան հետ։

Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակն էր։ Երեւանը կը պատրաստուէր՝ Սեպտեմբեր 1969¬ին, մատուցանել արժանավայել իր յարգանքը՝ «Ամենայն Հայոց բանաստեղծին»։ Հրաւիրուեցայ «Անուշ»¬ը խմբավարելու։ Երջանիկ էի, քանի իմ յարգանքի տուրքս պիտի միացնէի հայրենի ժողովուրդի հպարտութեան։ Մանկութեանս օրերէն մինչեւ այսօր, Թումանեանով հպարտ եմ։

13 Սեպտեմբեր 1969¬ին, Անուշի դերով հանդէս պիտի գար Գոհար Գասպարեանը, 14¬ին, Կիրակի օր կէսօրէ ետք՝ Ելինա Վարդանեանը, իսկ երեկոյեան՝ Աննա Նշանեանը։

Գոհարը սխա՛լ երգեց։ Իր այդ սխալը ազդեց նաեւ նուագախումբիս անդամներուն վրայ։

Սեպտեմբերի 19-ին, յոբելենական պաշտօնական հանդէսն էր, ուր դարձեա՛լ, որոշուած էր որ Անուշի դերով հանդէս գար Գոհարը։ Փափաքեցայ որ այդ գիշեր ան փոխարինուի ուրիշով մը։ Ընդդիմացան։ Զանազան ղեկավարներ եկան ու խնդրեցին որ հրաժարիմ Գոհարը փոխարինելու փափաքէս։ Տեղի չտուի ու Թումանեանի այդ հանդիսութեան օրը երգեց Ելինա Վարդանեանը։ 

Հանդէսէն ետք, ժողովուրդը զիս ուսամբարձ առաջնորդեց սրահ։ Թէեւ ղեկավարութիւնը տեղեկացած էր պատահարին մասին, սակայն, ան վստահ էր թէ ես մի՛շտ ի մտի ունեցած եմ Երեւանի Ֆիլհարմոնիայի բարձրագոյն յաջողութիւնը։

... Այդ պատահարը չմարսուեցաւ «թշնամի»ներուս կողմ։ Կրցած էի անդրդուելի մնալ որոշումիս վրայ։

Այդ օրերուն, 1969-ին, Պէյրութ այցելեցի մայրս տեսնելու։ Պէյրութահայութիւնը զիս ընդունեց մեծ խանդավառութեամբ։ Ուրախ էի որ կը գտնուէի սփիւռքահայութեան այս ամէնէն կենսունակ գաղութին մէջ։ Բայց այս ուրախութիւնս շուտով փոխուեցաւ տրտմութեան եւ յուսախաբութեան, երբ իմացայ թէ Ֆիլհարմոնիայի տնօրէնութիւնը չէր նորոգած Երեւանի իմ համաձայնագիրս։ Իմացայ նաեւ թէ ան դէմ կը կենայ Տրեզտէնի «Շթաթսքափելլէ»ի, Շուէտի ու Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունենալիք համերգներուս ու համաձայնագիրներուս։

Մտածեցի շրջանի մը համար ինքզինքիս արձակուրդ տալ, եւ 25 Դեկտեմբեր 1969-ին անցայ Նիւ Եորք, եւ ապա՝ Սան Ֆրանսիսքօ։

Բայց շուտով Նիւ Եորքէն ստացայ հեռաձայն մը՝ հիւպատոս Վիքթոր Իսրայէլեանէն, որ կը համոզէր զիս վերադառնալ հայրենիք։ Մինչ այդ՝ Էտուարտ Միրզոյեան, Երեւանէն, Հոկտեմբեր 1970-ին, հեռաձայնային խօսակցութենէ մը ետք, փափաք յայտներ էր, որ վերադառնամ նո՛յն պաշտօնիս, վստահեցնելով թէ այլեւս նման անտեղի պատահարներ պիտի չկրկնուին։

Ու ես վերադարձայ Երեւան, եւ անմիջապէս, 29 Նոյեմբեր 1970-ին, մասնակցեցայ Հայաստանի Խորհրդայնացման 50-ամեակի տօնակատարութեան, որուն՝ բարձրաստիճան հիւրերու կարգին, ներկայ էր նաեւ Լէոնիտ Պրեժնեւ։

Միրզոյեանի հետ մեկնեցայ Մոսկուա եւ Խ. Միութեան մշակոյթի նախարար Ֆուրցեւայէն ստացայ «քարթ պլանշ» երթալու փափաքած երկիրներս։

Սակայն, դժբախտաբար, 1970-1975 տարեշրջանին, ոչ միայն արտօնութիւն չեմ ստանար ճամբորդելու Արեւելեան Եւրոպա, այլեւ՝ Արեւմտեան Եւրոպա ու Ամերիկա։ Այդ տարիներուն ղեկավարեցի Երեւանի Ֆիլհարմոնիան ու օփերան։

1974-ին Փետրուարին համար, հրաւէրներ ստացայ Միացեալ Նահանգներու Ամերիկահայոց Առաջնորդ Թորգոմ Արք. Մանուկեանէն, Նիւ Եորք, ու Պր. Արշակ Տիգրանեաէն, Լոս Անճելըս, ղեկավարելու համար «Անուշ»ը՝ հովանաւորութեամբը «Արմինիըն Սիմֆոնի Էսսոսիէյշըն»ի։

Հայաստանի այս օրերու Մշակոյթի նախարարը՝ Պարսամեան, Դեկտեմբեր 1973-ին ինծի հաղորդեց թէ պիտի չկարենամ Ամերիկա երթալ, այն առարկութեամբ թէ հոնկէ դիմումը շատ ուշ կատարուած էր, հակառակ անոր որ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի գրասենեակին մէջ,  նախարարը իր համաձայնութիւնը յայտնած էր այդ մասին՝ Վարդգէս Համազասպեանի ու Վարուժան Գոճեանի ներկայութեան։

Տուի վերջնական որոշումս.- Արտագաղթել։ Արտագաղթել նման այն հայերուն, զորս ես միշտ դատապարտած էի։ Արտագա՞ղթ։ Չէի համոզուած այդ դժոխային գաղափարին հետ։ Կը յիշեմ Երեւանի մէջ իմ առաջին ելոյթս, 1957-ին։ Ի՜նչ հայրենասիրական խանդավառութեամբ եկեր էի Երեւան...։ Շատ բան սորվեր էի հայրենիքի մշակութային կեանքէն, իսկ հիմա՝ ձգել ու հեռանա՞լ...

Սակայն, միւս կողմէ, չէի հրաժարած արուեստագէտի կոչումէս։ Տարածուիլ եւ ընդարձակուիլ կ՛ուզէի։ Կ՛ուզէի որ հայու Օհան Տուրեան անունս սաւառնաթեւ շրջէր ուրիշ երկնակամարներու տակ։

Ու վերջապէս, Դեկտեմբեր 1973-ին, Երեւանի մէջ տուի երեւանեան վերջին համերգս, Վերտիի «Ռիքուիէմ»-ը, ու հրաժարեցայ Ֆիլհարմոնիայէն ու նուագախումբի տղոցմէս։

Դժբախտաբար, արուեստս յաղթանակեց հայրենասիրական զգացումներս։

Ֆիլհարմոնիան յանձնուեցաւ արժէքաւոր հայ երիտասար խմբավարի մը՝ Դաւիթ Խանջեանին, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր պաշտօնը։

Տարի մը ամբո՛ղջ սպասեցի ու սպասեցի՝ դուրս ելլելու արտօնութեան հրամանագիրին։ Հայրենի կառավարութիւնը Դեկտեմբեր 1974-ին ազատ թողուց զիս, պայմանաւ որ երկու տարի փորձի շրջանի մը համար ելլեմ երկրէն դուրս։

Ընդունեցի։

Եկայ Վիեննա։ Պատկան իշխանութիւններու ուշադրութեան յանձնեցի թէ միայն վեց ամսուան համար դուրս ելլելու արտօնութիւն ստացած եմ։

1975 Մայիսին, դիմեցի Վիեննայի Խորհրդային դեսպանատուն՝ երկարաձգելու համար անցագրիս արտօնութիւնը։ Ամբողջ տասը ամիս համբերեցի ստանալիք պատասխանիս։ Անգործ կը չափչփէի Վիեննայի պարտէզները։ Հարկադրաբար, օր մըն ալ, դիմեցի Վիեննական իշխանութիւններուն որպէս քաղաքական ապաստանեալ։ Դիմումէս երեք ամիս ետք եկաւ Մոսկուայի արտօնութիւնը, մինչ այդ ամէն ինչ վերջացած էր արդէն։ Մէջս ամէն հոգեական կապ քանդուած էր։

 

- Պր. Տուրեան կը փափաքիք այդ որոշումը վերատեսութեան ենթարկել ու վերադառնալ հայրենիք։

Այդ հարցը փակուած կը նկատեմ առայժմ։ Այլեւս երթալ անհնարին դարձած է։ Յիսունը անց եմ եւ ինքզինքս կը զգամ անապահով ու մինակ։ Ձեւով մը իրենք զիս դուրս հանեցին։ Կապերս խզուած են հոն եւ այլեւս ես զիս օտար պիտի զգամ մայր հողին վրայ։

Բայց միշտ կը սիրեմ հայրենիքս։ Կը սիրեմ ու կը պաշտեմ։ Մայր հողը միա՛կ ներշնչման աղբիւրն է արուեստագէտի մը համար։ Հայրենասէր եմ ու հայրենասէր ալ պիտի մեռնիմ։

 

- Ի՞նչպէս կը գտնէք այստեղ՝ Ձեր նոր կեանքը հոս։

Գոհ եմ, բայց ո՛չ ուրախ։ Այս վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, շրջեցայ Աւստրիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի ու Զուիցերիոյ մեծ քաղաքները, ուր ղեկավարեցի համերգներ։ Այսքանով միայն արուեստիս ծարաւը գոհացուցած եղայ։ Սակայն կը մնայ մեծագոյն ցաւս, զաւակս՝ Նարեկը։

Նարեկս կը մնայ մօրը մօտ, Երեւան։ Չորս տարիներէ ի վեր չեմ տեսած։ Որքա՛ն մեծցած ըլլալու է։ Ամէն օր իր յիշատակով կուլամ եւ կը ծերանամ...։

Յոյս չունիմ այլեւս զինք տեսնելու։ Կորսնցուցի հայրենիք ու զաւակ։ Ինչո՞ւ։

 

- Ինչո՞ւ դուք Ձեզ վերակոչեր էլ Օ. Տ՛Նարք։

Նոր կեանք մը պիտի ուզեմ սկսիլ։ Նոր ճանապարհով ու նոր անձնաւորութեամբ, եթէ կարենամ։

Օ-ն՝ ՕՀան-ն է, որ Օհանին ռուսերէն -ձեւն է, իսկ Տ՛Նարքը Նարեկն է, իմ զաւակիս անունը։

 

- Ընտանեկան նոր բոյն մը կազմեցի՞ք։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո՛, ամուսնացայ Մարսիալահայ արուեստագիտուհի Ալիսիա Շամերեանի հետ, որուն ծանօթացած էի Երեւան իր այցելութեան օրերուն։ Նիւթապէս տէր կը կանգնի ինծի։ Տնտեսապէս քայքայուած եմ։ Հայաստանի ճոխ ու բարգաւաճ կեանքէս գրեթէ ոչ մէկ բան մնացած էր հոս, այո գեղեցի՜կ Վիեննայի մէջ։

 

- Ինչո՞ւ առիք այս որոշումը, քանի՛ գիտէք հետեւանքները։

Արուեստագէտը ազատ մարդ է։ Ազատ՝ սովորական մահկանացուէն աւելի։ Մենք աշխարհը ճանչնալու ենք, որպէսզի համամարդկային մակարդակով մասնակցինք մշակութային ա՛յս կեանքին։ Շրջելու ենք ամէն տեղ։ Նորութիւններն են որ մեզ կ՛ապրեցնեն։

Բայց, միւս կողմէ, կ՛ըմբոստանամ ու անիծելով կ՛անիծեմ արտագաղթող իւրաքանչիւր հայ։ Անոնք հայրենիքի նկատմամբ դաւանճանութեան համազօր ընթացքի մէջ են։

Դժբախտաբար, ազգային տեսակէտէ, ես ալ նոյն ընթացքին հետեւեցայ։

 

Վիեննա, Աւստրիա

Յունուար 8, 1979

 

Նիւթը ՝ «Պայքար»էն