Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, Իտալիոյ Հարաւային Lիկուրիոյ հեռատեսիլի կայանէն ունեցած է հարցազրոյց մը, որ կազմակերպուած էր Լասբեցիոյ թեմի ընկերային յարաբերութեան գրասենեակին կողմէ:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Երեքշաբթի, 13 Յունուար 2026-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Իտալիոյ Հարաւային Lիկուրիոյ հեռատեսիլի կայանէն ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ կազմակերպուած էր Լասբեցիոյ թեմի ընկերային յարաբերութեան գրասենեակին կողմէ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հարցազրոյցի ընթացքին, Սրբազան Հայրը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթին ու զարգացման՝ սկսելով Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներէն, հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Ընթացքին, Սրբազան Հայրը հանգրուանային կերպով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս անկիւնադարձային թուականներու՝
- 301 թուականին, երբ հայ ժողովուրդը, քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ընդունած առաջին ազգը հանդիսացաւ:
- 404 թուականին, երբ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ձեռամբ հայերէն գիրերու գիւտը կատարուեցաւ:
- 451 թուականին, երբ հայ ժողովուրդը զրադաշտ Պարսկաստանի դէմ Վարդանանց ճակատամարտը մղեց՝ հաւատքի եւ կրօնի համար կենաց-մահու պայքար մղող առաջին ազգը հանդիսանալով այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ քրիստոնեայ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներ հաւաքուած Դ. Տիեզերական՝ Քաղկեդոնի ժողովը կը գումարէին:
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ հայրերու՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիին, Ս. Գրիգոր Նարեկացիին: Ան նշեց, թէ հայ ժողովուրդը միշտ եղած է խաղաղասէր, ստեղծագործ, կեանքը սիրող, լոյսին բացուող եւ լոյսով առաջնորդուող ժողովուրդ, բայց դարերէ ի վեր Հայաստանը կռուախնձոր դարձած է զինք շրջապատող մեծ պետութիւններուն միջեւ եւ հայ ժողովուրդը շարունակ ենթարկուած է յարձակումներու, թալանումներու, ջարդերու, որոնք պատճառ դարձած են, որ ժողովուրդը դէպի սփիւռք չուէ, յատակապէս 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեամբ, որուն պատճառով մեծ սփիւռք գոյացաւ:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ թէեւ պատերազմները, յարձակումները մէկ կողմէ ընկճած են հայ ժողովուրդը, բայց միւս կողմէ աւելիով զօրացուցած են Հայ Եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը, որոնք աւելի կազմակերպուած դարձած են եւ այսօր հայ ժողովուրդը շատ աւելի հզօր սփիւռք մը ունի աշխարհի տարածքին, չկայ երկիր մը, ուր թէկուզ մէկ հայ չապրի: Շարունակելով, ան նշեց, թէ Սփիւռքի մէջ այսօր կը գործեն կազմակերպուած գաղութներ, զորս ունին եկեղեցիներ, դպրոցներ, համալսարաններ, հիւանդանոցներ եւ մարզամշակութային կեդրոններ, այլ խօսքով հայը ուր որ ալ գտնուի՝ կ'իմաստաւորէ իր կեանքը եւ եռանդով կ'ապրի ու կը ստեղծագործէ:
Այլ հարցումի պատասխանելով, Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ կենսական դերակատարութեան մասին, յատկապէս եկեղեցիներու միութեան, համաշխարհային եկեղեցւոյ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու շրջագիծէն ներս Հայ Եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան, ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած դերակատարութեան եւ հայրապետներուն ու եկեղեցականներուն բերած ներդրումին, յատկապէս յանձինս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ համաշխարհային դէմք ըլլալու կողքին նաեւ մեծագոյն ջատագովն է միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական երկխօսութիւններուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու միութեան հանդէպ հաւատք ունեցող եւ աշխատանք տանող իմաստուն ղեկավարն է:
Սրբազան Հայրը ակնարկ մը կատարեց նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու վիճակին, յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի քրիստոնեաներուն, անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ կատարուած ահաւոր երկրաշարժին, անոր թողած հետեւանքներուն եւ անկէ յառաջացած մարտահրաւէրներուն, յիշեց նաեւ վերջին շաբթուան ընթացքին Հալէպի մէջ կատարուած բախումները: Սրբազան Հայրը ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դառն վիճակին եւ պայմաններուն, զորս կը դիմագրաւեն Սուրիոյ քաղաքացիները, ի մասնաւորի քրիստոնեայ համայնքներն ու ժողովուրդը, կոչ ուղղելով օժանդակութեան ձեռք երկարելու անոնց, ի՛նչ կերպ որ հնարաւոր է, յատկապէս աղօթելով եւ Աստուծոյ պաշտպանութիւնն ու առաջնորդութիւնը խնդրելով անոնց համար:
Սրբազան Հայրը առիթը պատեհ համարելով, իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի մեր ժողովուրդին ցարդ օժանդակող քրիստոնեայ համայնքներուն, բարեսիրական հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, ներառեալ Հռոմի Ս. Աթոռին:
Սրբազան Հայրը պատասխանեց իրեն ուղղուած զանազան հարցումներուն: Հարցազրոյցի աւարտին, աղօթեց, որ մեր սրտերէն ներս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան երկնային լոյսի թափանցումով կարենանք ապրիլ ու գործել, որպէս լոյսի զաւակներ, միշտ մեր շուրջը սփռելով՝ ուրախութիւն, սէր, ապահովութիւն, երջանկութիւն, վստահութիւն եւ խաղաղութիւն:
Հարցազրոյցին, իտալերէն ուղղակի թարգմանութիւնը կատարեց Սրբազան Հօր եղբայրը՝ Հոգշ. Տ. Յովսէփ Վրդ. Աշգարեան։
Յիշենք, որ Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով հրաւիրուեցաւ ներկայ գտնուելու եւ աղօթքով իր բաժինը բերելու քրիստոնէական եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան գլխաւոր նախաձեռնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ին, Լասբեցիոյ Մկրտչական եկեղեցւոյ մէջ:
https://www.youtube.com/watch?v=6jxwsOdXGlA non so se ieri avete visto la trasmissione, se volete la trovate qui
