image

Կորուստէն տարի մը անց. Յիշեցին Կարօ Համամճեանը (Լուսանկար)

 Կորուստէն  տարի մը անց.   Յիշեցին Կարօ Համամճեանը (Լուսանկար)

Կորուստէն  տարի մը անց «Մարմարա»ի  տաղանդաւոր   լուսանկարիչ  Կարօ Համամճեան  յիշատակուեցաւ  Պոլսոյ մէջ։

Այս  մասին  լրատւութիւն կատարած է  Պոլսոյ մեր  պաշտօնակից՝  «Ժամանակ»ը, ուրկէ ալ կը կարդանք՝ 

Պոլսահայ մամլոյ վաստակաւոր սպասաւոր, մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի բազմամեայ աշխատակից Կարօ Համամճեան շաբաթավերջին խոր յուզումով ու բիւր յարգանքով ոգեկոչուեցաւ՝ իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Հանգուցեալի՝ Հալըճըօղլուի գերեզմանատան շիրիմին վրայ կատարուեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան կարգ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Տարի մը առաջ Կարօ Համամճեան ողբերգական մահ մը ունեցած էր՝ համավարակի հետեւանքով։ Մինչ անցեալ մէկ տարուան տեւողութեան իր բացակայութիւնը իսկապէս զգալի դարձաւ, շաբաթավերջի ոգեկոչման ընթացքին ալ բոլորը կարօտով համախմբուեցան իր շիրիմին շուրջ, ուր առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ իր յաւիտենական նինջի խաղաղութեան ու հանգստութեան համար։ Հանդիսադիր սրբազան հօր կողքին էր Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

 

Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին բոլորը հերթական անգամ բարոյական զօրակցութիւն արտայայտեցին եւ մխիթարութիւն մաղթեցին լուսահոգի Կարօ Համամճեանի այրիին՝ Անի Համամճեանին եւ բոլոր հարազատներուն։