Պոլսոյ հայկական շրջանակներուն մէջ ճանչցուած անուն հանդիսացող Կարօ Համամճեանը այսօր փակած է իր աչքերը։
Նշենք, որ Կարօ Համամճեանի անունը անմիջապէս կը կապակցուի «Մարմարա» օրաթերթին հետ, որովհետեւ անցնող աւելի քան 30 տարիներուն ընթացքին ան ջանասիրաբար աշխատեցաւ ու դարձաւ հաւատարիմ մէկ անդամը հայկական օրաթերթին։
Տարբեր աշխատանքներ կատարած Կարօ Համամճեանը, մասնաւորապէս վերջին տարիներուն հանդէս կու գար որպէս «Մարմարա»ի գլխաւոր լուսանկարիչ եւ անոր նկարները կը զարդարէին թերթին առաջին ճակատները։
Վերջին շաբաթներուն վարակուելէ ետք «Քորոնա»ով, Կարօ Համամճեանը փոխադրուած էր հիւանդանոց, ուր բժիշկներ մեծ ճիգեր գործադրեցին փրկելու համար անոր կեանքը, սակայն ցաւալիօրէն ան իր աչքերը յաւիտենութեան կը փակէր այս առաւօտ, բարի ժպիտ մը ու բարի յիշատակ մը թողնելով բոլոր զինք ճանչցնողներուն հոգիներուն մէջ։
Ան ծնած էր ծնած էր Պոլիս, 1956-ին։ Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է Պոլսոյ հայկական թաղամասերուն մէջ, դառնալով սիրուած եւ նուիրեալ անդամը հայկական համայնքին։ 1978 թուականէն սկսեալ կը միանայ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրական կազմին ու մինչեւ իր եղերական մահն ալ անձնուիրաբար կը գործէ թերթին յանուն։
Կարօ Համամճեան հրատարակչական գործին հանդէպ իր ունեցած սէրէն բացի եղած է նուիրեալ մէկ անդամը Պոլսոյ եկեղեցական կեանքին ու 2005-էն սկսեալ եղած է հայաշատ Ֆերիգիւղի Ս Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի վարչութեան անդամ ինչպէս նաեւ Հալըճըօղլու գերեզմանատան բարեզարդման եւ մատուռին կառուցման հիմնադիր անդամ։
Կարօ Համամճեանի մահով պոլսահայ համայնքը կը կորսնցնէ իր նուիրեալ եւ սիրուած անդամներէն մին։