image
Հրատապ լուրեր:

«Միջուկային պատերազմի վտանգը միշտ առկայ». Մետվետեւ սլաքներ կը նետէ

«Միջուկային պատերազմի վտանգը միշտ առկայ». Մետվետեւ սլաքներ կը նետէ

Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ իր թելեկրամեան ալիքով անդրադարձած է Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

«Ռուսաստանի հետ ՆԱԹՕ-ի պատերազմին մասին օտարերկրեայ վերլուծաբաններու անվերջ խօսակցութիւնները չեն հանդարտիր: Աւելին, արեւմտեան «խօսող գլուխներուն» ցինիզմը երթալով աւելի կ'արտայայտուի:

Անոնք ամբողջ ուժով կը փորձեն օրակարգ մտցնել այն թեզը, թէ Ռուսաստանը միջուկային հակամարտութեամբ կը վախցնէ աշխարհը: Նոյնիսկ Թրամփը վերջերս արտայայտուած է այս մասին: Ճիշդ է, ի հարկէ, միայն Պայտընին հակառակելու համար: Եւ ի հարկէ եւրոպացիները «կը ծվծուան» իրենց բարակ ձայնով:

Ռուսաստանի հետ արեւմտեան երկիրներու կողմէ սանձազերծուած փրոքսի պատերազմի ծիրին մէջ ես կ'ուզեմ եւս մէկ անգամ շատ յստակ ձեւակերպել բաներ, որոնք արդէն այնքան ակնյայտ են բոլոր ողջամիտ մարդոց համար:

1. ՆԱԹՕ-ի երկիրներուն կողմէ Ուքրանիան սպառազինութեամբ լեցնելը, անոր զօրքերուն ուսուցումը՝ արեւմտեան սպառազինութիւնը օգտագործելու համար, վարձկաններու ուղարկումը եւ Դաշինքի երկիրներուն կողմէ մեր սահմաններուն մօտ զօրավարժութիւններու կայացումը կը մեծցնեն ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ ուղիղ եւ բացայայտ հակամարտութեան հաւանականութիւնը` «վստահուած անձերու միջոցով պատերազմի փոխարէն»:

2. Նման հակամարտութիւնը միշտ ալ լիակատար միջուկային պատերազմի վերածուելու վտանգ ունի:

3. Սա աղէտալի սենար պիտի ըլլայ բոլորին համար:

Այսքանը: Հետեւաբար, մի ստէք դուք ձեզի եւ ուրիշներուն: Պարզապէս պէտք է մտածել ձեր գործողութիւններու հնարաւոր հետեւանքներուն մասին: Եւ մի խեղդուիք ձեր սեփական թուքով ռուսաֆոպիայի փարոքսիզմներուն մէջ», գրած է ան: