image

Կոչ կ՚ընեմ մասնակցելու ինքնապաշտպանութեան, կամաւորագրուելու ու ծառայելու հայրենիքին. Սիւնիքի Մարզպետ

Կոչ կ՚ընեմ մասնակցելու ինքնապաշտպանութեան, կամաւորագրուելու ու ծառայելու հայրենիքին. Սիւնիքի Մարզպետ

Սիւնիքի մարզպետ Յունան Պօղոսեանը կոչով դիմած է քաղաքացիներուն․

«Յարգելի՛ սիւնեցիներ

Այս օրերուն բազմաթիւ սիւնեցիներ իրենց պարտքը կը կատարեն՝ ծառայելով հայրենիքին, պաշտպանելով մեր հայրենիքը։ Ահռելի աշխատանք կը կատարուի նաեւ թիկունքին՝ միաւորելով խաղաղ բնակչութեան բոլոր ուժերն ու հնարաւորութիւնները։ Պայքարը կը շարունակուի, ու մեր համայնքներու բնակիչներն ու սիւնեցի քաջերը՝ ժամկէտային զինծառայողներ, պահեստազօրայիններ, կամաւորականներ, երկրապահներ, կ'ընեն հնարաւորն ու անհնարինը՝ յանուն վերջնական ու կայուն յաղթանակի, յանուն մեր սահմաններու անառիկութեան։

Սիրելի՛ սիւնեցիներ, կը խնդրեմ՝ առանց խուճապի մատնուելու, հաստատուն ու ամուր մնացէք ձեր բնակավայրերուն մէջ ու հետեւեցէք համայնքներու ղեկավարներու ցուցումներուն, իւրաքանչիւրդ ձեր տեղը շարունակեցէք ծառայել հայրենիքին ինչով եւ ինչպէս կրնաք, օգնելով թէ՛ ճակատին, թէ՛ ամրացնելով թիկունքը։

Կոչ կ'ընեմ մասնակցելու ինքնապաշտպանութեան, կամաւորագրուելու ու ծառայելու հայրենիքին՝ յանուն մեր երկրի եւ մեր զաւակներու ապագային»: