image

ԱՊՀ-ն կը տեսնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահագրգռութիւնը Համագործակցութեան աշխատանքներուն մասնակցելու հարցով

ԱՊՀ-ն կը տեսնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահագրգռութիւնը Համագործակցութեան աշխատանքներուն մասնակցելու հարցով

ԱՊՀ-ն կը տեսնէ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի հետաքրքրութիւնը Համագործակցութեան աշխատանքներուն մասնակցելու հարցով, «ԹԱՍՍ»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է ԱՊՀ կանոնադրական եւ այլ մարմիններու մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան մշտական ներկայացուցիչ Անտրէյ Կրոզովը։

«Կ՚ուզեմ շեշտել, որ ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Հայաստանի կողմէ կը տեսնենք հետաքրքրութիւն մեր միութեան աշխատանքներուն մասնակցելու հարցով»,– ըսած է ան։

Պատասխանելով ԱՊՀ-ի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համագործակցութեան վերաբերող հարցին՝ Կրոզովը շեշտած է, որ Համագործակցութեան հարթակին վրայ մասնակիցները կը փորձեն «լուծել բոլոր ծագող հարցերը՝ բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտին մէջ»։