image

Կրթական բացառիկ ծրագիր «Հայկական առցանց Գոլէճ»ին (AVC) կողմէ (Տեսանիւթ)

Կրթական բացառիկ ծրագիր «Հայկական  առցանց  Գոլէճ»ին (AVC)  կողմէ (Տեսանիւթ)

Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները յեղաշրջած են մեր ապրելու, հաղորդակցուելու եւ սորվելու կերպը:

Այսօր աշակերտները ցանկութիւն ունին կրթութիւն ստանալու ժամանակակից եւ գրաւիչ մեթոտներով: Աւանդական դպրոցները փոխուելու, նոր ժամանակներուն համընթաց քալելու մարտահրաւէրին առջեւ կանգնած են: Ուշ կամ կանուխ, բոլոր դպրոցները պիտի ընտրեն արդիական, նորաշունչ եւ գրաւիչ ուսուցումը:   

Հայկական համացանցային համալսարանի խառն՝  կրթական ծրագիրը ուսուցման արդի ոճի կիրառման լաւագոյն միջոցն է: Այս ծրագիրը  կը համատեղէ աւանդական եւ առցանց կրթութիւնը՝ աւանդական ուսուցման մեթոտները հարստացնելով՝ նորագոյն, արհեստագիտութեան վրայ հիմնուած բազմատեղեկատուական՝ մալթիմիտիա աղբիւրներով: Ծրագիրը առաջին անգամ կիրառուած է 2009 թուականին՝ Շարժայի (ԱՄԷ) Օհաննէսեան հայկական դպրոցին մէջ: 2009 թուականէն առ այսօր ՀՎՀ-ի խառն՝ կրթութեան ծրագիրը յաջողությամբ իրականացուած է հայկական 58  համայնքներու եւ դպրոցներու մէջ, Լատինական Ամերիկայէն մինչեւ Վրաստան եւ Գանատայէն մինչեւ Ռուսաստան:

Հայկական համացանցային համալսարանի դասընթացներուն կրնան մասնակցիլ բոլոր դասարանները: Նախնական համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է համալսարանին եւ դպրոցին, համայնքի պատասխանատուներուն միջեւ, այնուհետեւ սկսած է դասարանի ուսուցիչին եւ Հայկական համացանցային համալսարանի հեռավար դասախօսին միջեւ համագործակցութիւնը: Այս կը շարունակուի ամբողջ ուսումնական տարեշրջանի ընթացքին եւ միտուած է ուսանողներուն ուսման արդիւնաւէտութիւնն ու բարձր յառաջադիմութիւնը ապահովելու:

Մասնակցութեան համար արհեստագիտական պահանջքները հետեւեալն են՝ համացանցի կապ, համակարգչային սրահ կամ դասարան, մէկ համակարգիչ մէկ աշակերտի համար կամ լուսարձակող՝ պաստառ (projector/screen) ամբողջ դասարանին համար: 

 

Հայկական համացանցային համալսարանի այս բացառիկ կրթական ծրագիրին մասին մանրամասն կը տեղեկանաք Հայկական համացանցային համալսարանի պատրաստած տեսանիւթին ընդմէջէն։