image
Հրատապ լուրեր:

Արմաւիրի մէջ կրակոց եւ վիրաւոր. Կասկածեալը վիրաւորեալի քոյրն է

Արմաւիրի մէջ կրակոց եւ վիրաւոր. Կասկածեալը վիրաւորեալի քոյրն է

Ապրիլ 14-ին արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Արմաւիրի մարզին մէջ։ Ժամը 01։20-ի սահմաններուն ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութիւն տեղեկութիւն ստացուած է, որ «Տիր» հրացանով պատահաբար կրակելու հետեւանքով ստացած «Փորի թեթեւ վնասուածք» ախտորոշմամբ «Մասթըր Մետ» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է քաղաքացի մը։ Այս մասին յայտնած է shamshyan.com–ը։

Պարզուած է, որ բուժօգնութեան տեղափոխուածը Արմաւիրի մարզի բնակիչ 20-ամեայ Տիգրան Ս․-ն է։

Կայքի տեղեկութիւններով`ոստիկանները պարզած են նաեւ, որ ապրիլ 13-ին՝ ժամը 20։00-ի սահմաններուն, Տիգրան Ս․-ի քոյրը`Արմաւիրի մարզի բնակիչ 30-ամեայ Լիլիթ Ս․-ն, Էջմիածին քաղաքի Աւետիսեան փողոցի տուներէն մէկուն մէջ պատահաբար «Տիր» օդաճնշիչ հրացանով կրակելու հետեւանքով եղբօր որովայնի շրջանին պատճառած է մարմնական վնասուածք:

Դէպքի փաստով ոստիկանութեան Վաղարշապատի բաժնէն ներս փաստաթուղթեր կազմուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ քննչական կոմիտէի Արմաւիրի մարզային քննչական վարչութեան Վաղարշապատի քննչական բաժին: