Այսօր՝ յուլիս 31-ին, ինքնաշարժի խոշոր ու ողբերգական վթար տեղի ունեցած է Սիւնիքի մարզի մէջ։ Ժամը 08։40-ի սահմաններուն «Opel» մակնիշի մեքենան Երեւան-Մեղրի ճանապարհի Սպանդարեան գիւղի կամուրջի մօտակայքը, ժողովուրդին յայտնի «Բոչկի ձոր» կոչուող վայրին մէջ, դուրս եկած է երթեւեկելի գօտէն, մի քանի 100 մեթր գլորուած ու յայտնուած է ձորը։
Ինչպէս յայտնած է shamshyan.com-ը, վթարի հետեւանքով 2 մարդ տեղւոյն վրայ մահացած է, եւս մէկը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած է «Սիսիան» բժշկական կեդրոն։
Դէպքի փաստով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, կը պարզուին վարորդի, մահացածներու եւ վիրաւորի ինքնութիւնը։
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ ականատեսները նշած են, որ մահացածները ու վիրաւորը ընտանիքի անդամներ են։