4 մարտին, կրակոցներ հնչած են Երեւանի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ SHAMSHYAN.com-ը: 18:30-ի սահմանին «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ հրազէնային վնասուածքներով իրենց մօտ տեղափոխուած է 2 քաղաքացի: Հիւանդանոց ժամանած են ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժնի դաշտային խումբը եւ Քննչական կոմիտէի քննիչները: Ըստ աղբիւրի՝ վիրաւորները հիւանդանոց տեղափոխուած են Բուռնազեան 69 հասցէէն:
Դէպքի վայր մեկնած է ոստիկանութեան Երեւանի վարչութեան դաշտային խումբը: Իրաւապահները պարզած են վիրաւորներու ինքնութիւնը: Հաշուի առնելով ենթադրեալ յանցագործութեան վտանգաւորութեան աստիճանը, ժամանած են նաեւ Էրեբունի վարչական շրջանի դատախազի տեղակալները: Ենթադրեալ յանցանքի վայրին մէջ զննութիւն կատրած են Էրեբունիի քննիչները եւ ոստիկանութեան փորձաքրէագէտները: Կառատան (կարաժ) մէջ յայտնաբերուած են արնանման հետքեր: