Երէկ երեկոյան Երեւանի մէջ յանկարծամահ եղած է հալէպահայ Մոսիկ Սուլուրեանը: Ան Երեւան հաստատուած էր Սուրիոյ պատերազմէն փախուստ տալէ ետք: 2013-ի յուլիսին Հալէպէն ընտանիքով հեռանալու ժամանակ, ճանապարհին գնդակոծուած էր հանրակառքը, որու հետեւանքով, 5 հայերու շարքին զոհուած էր նաեւ Մոսիկ Սուլուրեանի կինը՝ 40-ամեայ Թամար Սուլուրեանը, իսկ ինք, երեխաներու հետ վիրաւորուելով, հաստատուած էր Երեւանի մէջ: Սուրիոյ ընդդիմադիրներու կողմէ յարձակման ենթարկուած հանրակառքի մէջ վիրաւորուած էր 17 հայ:
«Արեւելքի» աղբիւրը կը տեղեկացնէ, որ Մոսիկ Սուլուրեան ոսկերիչ էր: Անոր երկու երեխաներէն մէկը անչափահաս է: