Տոնպասի մէջ Ռուսիոյ վերջին ձեռքբերումները կապուած են աւելի փոքր տարածքով ռուսական զօրքերու յառաջխաղացման, ինչպէս նաեւ տարածքի աշխարհագրութեան հետ: Այս յայտնած է Փենթակոնի խօսնակ Ճոն Քիրպին:
Ան յիշեցուցած է, որ Քիեւի վրայ ռուսական զօրքերու յարձակումը աւարտած է անյաջողութեամբ` նիւթատեխնիկական խնդիրներու պատճառով, ինչի արդիւնքով ռուսական տեխնիկայի շարասիւնը տասնեակ քիլոմեթրերով երկարած է:
«Տոնպասը այլ տարածք է: Այն աւելի հարթ է, աւելի բաց, կան շատ դաշտեր, քաղաքները եւ գիւղերը փոքր են: Եւ քանի որ այն կը գտնուի Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ, այն աւելի մօտ է Ռուսաստանի սահմաններուն եւ անոնց մատակարարման եւ աղբիւրներու շղթային», շեշտած է Քիրպին:
ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը յաւելած է, որ ռուսական յառաջխաղացումը Տոնպասի մէջ կը սահմանափակուի անով, որ զօրքերը չեն ցանկար պոկուիլ մատակարարման շղթայէն:
«Անոր մէկ մասը կապուած է աշխարհագրութեան հետ` Ռուսիոյ մօտ ըլլալը եւ տարածքի առանձնայատկութիւնները, բայց եւս մէկ պատճառ, թէ ինչու անոնք աստիճանաբար յառաջ կ'երթան, ի հարկէ, ոչ միայն ուքրանական դիմադրութեան պատճառով, այլ նաեւ այն պատճառով, որ իրենք չեն փափաքիր չափազանց հեռու տեղափոխուիլ իրենց մատակարարման աղբիւրներէն», նշած է ան:
Միեւնոյն ժամանակ, Փենթակոնը չի կարծեր, որ Ռուսիան յաջողած է լիովին յաղթահարել յարձակման հետ կապուած խնդիրները` կառավարում, ցամաքային եւ օդային գործողութիւններու համարկման ապահովում: