Մինչ պաղեստինցի անուանի լրագրողուհի Շըրին Ապու Աքլէ այսօր հողին կը յանձնուի, անդին լարուած իրավիճակ կը տիրէ տարբեր շրջաններու եւ մասնաւորապէս «Ժընին» գաղթակայանին շուրջ։ Տեղի ունեցած են բախումներ եւ գրանցուած են վիրաւորեալներ։
Պաղեստինի մէջ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի։
Այս մասին այսօր «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Մայատին» կայանէն։
Աղբիւրը կը նշէ, որ այսօր` Ուրբաթ առաւօտեան իսրայէլեան ուժերը ներխուժած են «Ժընին»-ի գաղթակայան եւ Պուրքին քաղաքը, ուր կրակոցներ լսուած են:
Թղթակիցը նշած է, որ իսրայէլեան ուժերը տեղակայուած են «Ժընին»-ի գաղթակայանի արեւմտեան մուտքին մօտ, ուր անցեալ Չորեքշաբթի սպաննուած է լրագրող Շիրին Ապու Աքլէն:
Աղբիւրը խօսած է ծանր բախումներու մասին «Ժընին»-ի գաղթակայանի մուտքերուն եւ անկէ ներս, երբ պաղեստինցի երիտասարդները դիմադրած են ներխուժող ուժերուն, որոնց արձակած կրակին հետեւանքով 7 պաղեստինցի վիրաւորուած է:
Իսկ իսրայէլեան ուժերը թոյլ չեն տուած շտապօգնութեան աշխատակիցներուն իրենց աշխատանքները իրականացնել թիրախային հատուածին մէջ:
📸شاااهد ..مقاومون يشتبكون في هذه اللحظات مع قوات الاحتلال في #جنين. pic.twitter.com/q3odtXjoE6
— Ahmed Radwan🇵🇸 (@Ahmed_Radwan77) May 13, 2022
Միւս կողմէ կը հաղորդուի, որ իսրայէլեան ուժերը «Ինէրկա» տիպի ռումբեր արձակած են Ալ Մահմուտ Ալ Տապաղիի ( Ալ Տապաղին պաղեստինցի ֆետայի մըն է, որ մինչեւ այս պահը կը գտնուի հետախուզման տակ եւ ան կ՚ապրի «Ժընին» գաղթակայանին մէջ) ընտանեկան բնակարանին վրայ, որպէսզի ստիպեն անոր յանձնուիլ, եւ ձերբակալած են անոր մայրը զայն դարձնելով «կենդանի վահան»ի դիմադրութեան մարտիկներու գնդակներէն հեռու մնալու համար։
Անոնք նաեւ հետապնդած են պաղեստինցիներ, որոնք կը փորձեն օգնել Ալ Տապաղիի ընտանիքի անդամներուն։
Իր կարգին «Ժընին ջոկատ»ը յայտնած է, որ Ալ Տապաղիի տան մերձակայքը տեղակայուած իսրայէլեան ուժերը թիրախ դարձած են կրակոցներու։
Ջոկատի զինուորական խօսնակ Ապու Մուատ իսրայէլեան ուժերուն կը վերագրէ դիադրութեան մարտիկ Մահմուտ Ալ Տապաղիի կեանքին ուղղուած սպառնալիքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը»:
Մեկնաբանելով գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները` «Համաս»-ի խօսնակ Հազեմ Քասէմ ըսած է. «Ժընինը կը շարունակէ իր քաջարի դիմադրութիւնը իսրայէլեան բանակի զինուորներուն դէմ եւ կը պայքարի յեղափոխական քաջութեամբ»:
Քասէմ յաւելած է որ «Ժընինը ունի հաստատակամութիւն եւ վճռականութիւն, որ իրեն հնարաւորութիւն կու տայ շարունակելու յեղափոխութիւնը մինչեւ իսրայէլեան ուժերու պարտութիւնը եւ անոնց վտարումը պաղեստինեան հողէն»: