image

Կիպրոսի Թեմական Խորհուրդը կազմուած եւ գումարած է անդրանիկ նիստը

 Կիպրոսի Թեմական Խորհուրդը կազմուած  եւ գումարած է անդրանիկ նիստը

Շուրջ ամիս մը առաջ Կիպրոսի Թեմէն ներս տեղի ունեցած ազգային-երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքները վաւերացուած են։ Իսկ երկուշաբթի մայիսին Թեմական Խորհուրդը նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ (պաշտօնը՝ Կաթողիկոսական Փոխանորդ) Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեանին գումարած է իր անդրանիկ նիստը։ 

Նշենք, որ Կիպրոսի Թեմի ընտրութեանց արդիւնքները ըստ կանոնի կը վաւերացուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ,որմէ ետք ալ այդ մարմինը կ՚անցնի իր բնականոն գործունէութեան։

Կիպրոսի վերջին զարգացումներուն հետեւած «Արեւելք»ի աղբիւրին համաձայն համայնքին մէջ կը տիրէ համերաշխական մթնոլորտ հակառակ անցեալ ամառ տեղի ունեցած կարգ մը լարումներուն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

 

Առ ի տեղեկութիւն սիրելի մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յայտնենք թէ, 20 Մարտ 2022-ին, կայացած Երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքները օրին պաշտօնական նամակով մը առաքուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ին առ ի վաւերացում: 

Նկատի ունենալով որ Ապրիլ ամսուան ընթացքին տօնական օրերով եւ ձեռնակներով խճողուած էինք, անհնար եղաւ ժողովի հրաւիրել նոր կազմը եւ կարելի եղաւ Երեսփոխանական (Թեմական) անդրանիկ ժողովի նիստը գումարել Երկուշաբթի, 9 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի:

Ժողովի ընթացքին կարդացուելէ ետք Վեհափառ Հայրապետի վաւերացման պաշտօնական նամակը, Սրբազան Հայրը իր շնորհաւորական եւ սրտի խօսքը փոխանցեց: Ապա, Պետական Ներկայացուցիչ՝ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան ինք եւս շնորհաւորութիւնները փոխանցեց, որմէ ետք ժողովը սկսաւ եւ օրակարգի հիման վրայ ընտրեց իր Դիւանը հետեւեալ ձեւով.- 

Վահան Այնէճեան Ատենապետ

Յակոբ Գասպարեան Բ. Ատենապետ 

Մանուկ Եըլտըզեան Ատենադպիր

Մկրտիչ Գույումճեան Խորհրդական

Յարութ Տէր Պետրոսեան Խորհրդական

Թանիա Էօճիւրեան Խորհրդական

Տոքթ. Անդրանիկ Աշճեան Խորհրդական

Ատուր Գարակիլլէեան Խորհրդական

Րամզի Մարթին Խորհրդական

Տոքթ. Միսաք Քէշիշեան Խորհրդական

Տիար Կարպիս Ֆէրահեան Խորհրդական

Տիար Արամազդ Էսքիճեան Խորհրդական

Երեսփոխանական Ժողովը իր կարգին նշանակեց Ազգային Նոր Վարչութեան անդամները.- 

Սեւակ Կիւրիւնլեան

Արթօ Դաւիթեան

Վիգէն Քէսթէրէլեան

Ռիթա Գասպարեան

Լենա Պահատուրեան

Վերգինէ Պէքարեան

Սարհատ Տէմիրճեան 

Կ՛աղօթենք, որ Ամենաբարին Աստուած նորընտիր եւ նորանշանակ երկու Ժողովներու անդամներուն պարգեւէ քաջառողջ, արեւշատ օրեր եւ արդիւնաշատ ծառայութիւն՝ ի բարգաւաճումն Կիպրոսի Թեմին: Ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք նախորդ երկու Ժողովներու անդամներուն: Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին: