image

Ըստ Անդրանիկ Թեւանեանի, անոր գլխաւորած կուսակցութեան դէմ ամբողջական յարձակում կայ

Ըստ Անդրանիկ Թեւանեանի, անոր գլխաւորած կուսակցութեան դէմ ամբողջական յարձակում կայ

«Մայր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, կալանաւորուած Անդրանիկ Թեւանեանը «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկէն ուղերձ յղած է՝ յայտարարելով, որ իշխանութիւնները կը շարունակեն յարձակումը իր ղեկավարած կուսակցութեան դէմ։

Անդրանիկ Թեւանեանը ձերբակալուած է մայիս 21-ին, Քննչական կոմիտէն անոր նկատմամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնած է՝ պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան մեղադրանքով։ Դատարանի որոշմամբ ան կալանաւորուած է երկու ամիսով։ Յուլիս 9-ին ձերբակալուած է, ապա կալանաւորուած է նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու, «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան վարչութեան անդամ Արեգնազ Մանուկեանը, որու նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է պետական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ հրապարակելու յօդուածով։ 

Թեւանեանը նշած է, որ «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան վարչութեան անդամ Արեգնազ Մանուկեանի կալանաւորումը, իր գնահատմամբ, իր դէմ յարուցուած գործի շրջածիրէն ներս կատարուող քաղաքական հետապնդման մաս է։

Անոր խօսքով՝ օրեր առաջ խուզարկուած էր նաեւ կուսակցութեան վարչութեան մէկ այլ անդամ Երուանդ Բոզոյեանի բնակարանը։

«Եթէ այս ապօրինութիւնների ու բռնաճնշումների դէմը միասնական ջանքերով չառնենք, ապա վաղը Հայաստանի քաղաքական դաշտում որեւէ ընդդիմադիր գործիչ ազատութեան մէջ չի լինելու»,- նշած է Թեւանեանը։