Կիպրոսի Նիկոսիոյ քաղաքին մէջ օրերս ոգեկոչական ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է նուիրուած Ֆրանսայի ազգային հերոս՝ Միսաք Մանուշեանին։
ՍԴՀԿ Կիպրոսի կառոյցին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ եղած են գաղութի քաղաքական, ազգային եւ կրօնական ներկայացուցիչներ։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ՍԴՀԿ Կիպրոսի մարմնի դիմատետրեան էջէն, ուր մանրամասնօրէն ներկայացուցած է ձեռնարկին մանրամասնութիւնները։
Ստորեւ ներկայացուած թղթակցութիւնը՝
Կազմակերպութեամբ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանի Վարիչ Մարմնին, Շաբաթ, 20 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նիկոսիոյ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ակումբէն ներս, տեղի ունեցաւ տպաւորիչ հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած Ֆրանսայի ազգային հերոս, բանաստեղծ, նահատակ Միսաք Մանուշեանի:
Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան. կը նախագահէր կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ պրն. Վարդգէս Մահտեսեան: Հանդիսութիւնը իր ներկայութեամբ պատուեց Կիպրոսի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան առաջին խորհրդական տիկ. Վերժինի Քորթեվալ. ներկայ էին Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս՝ պրն. Մարտիրոս Մինասեան, Ազգային Երեսփոխանական եւ Վարչական Ժողովներու ատենապետները, կուսակցութեանց, գաղութահայ միութեանց եւ կազմակերպութեանց պատկառելի ներկայացուցիչներ, հանդիսականներ, ընկերներ եւ ընկերուհիներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Յանուն Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Վարիչ Մարմնին բացման խօսքը կատարեց ընկ.հի Վերգինէ Պէքարեան, որ ողջունելով ներկաները, անդրադարձաւ ձեռնարկի նպատակին. Նաեւ շնորհակալութիւններ յայտնեց ձեռնարկին սիրայօժար մասնակիցներուն: Այնուհետեւ Մ. Մանուշեանի կեանքն ու գործը, նահատակութիւնն ու գաղափարականը ներկայացուց ընկ. Աւետիս Փոշօղլեան: Ապա տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն Մ. Մանուշեանի կեանքն ու նահատակութիւնը ներկայացնող (Ֆրանսերէն): Այնուհետեւ, տիկ. Վիքի Գույումճեանի խմբավարութեամբ, երեք երգերով հանդէս եկան Նիկոսիոյ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարմանուհիներու եւ պատանիներու երգչախումբերը՝ որոնք ներկայացուցին ազգային հայրենասիրական երգեր՝ խորապէս տպաւորելով ներկաները: Ապա՝ Մ. Մանուշեանի՝ իր կնոջ Մելինէին յղած վերջին նամակը ընթերցեց ընկ.հի Նարկիզ Կտիկեան-Պէքարեան: Որմէ ետք, ֆրանսացի բանաստեղծ, քաղաքական գործիչ Լուի Արակոնի բանաստեղծութիւնը Մանուշեանի խումբին նուիրուած ֆրանսերէն ասմունքեց Ստեփան Տօնիկեան՝ ոգեւորելով ներկաները: Ապա՝ հանդէս եկաւ կիպրահայ անուանի սոբրանօ տիկ. Սոնա Գարգալոյեան՝ որ ներկայացուց յուզաթաթաւ երեք երգեր Կոմիտասէն եւ օտար երգահանէ: Ան մեծապէս տպաւորեց հանդիսականները իր մելանոյշ ձայնով. իրեն դաշնամուրով կ’ընկերանար տիկ. Լիլիա Խաչատրեան: Ապա՝ յանուն Ֆրանսայի դեսպանութեան խօսք փոխանցեց տիկ. Վ. Քորթեվալ, որ բարձր գնահատեց եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Մանուշեանին ու իր խումբին՝ շեշտելով որ անոնք ինկան Ֆրանսայի ազատութեան եւ ֆրանսական արժէքներուն համար: Ան Ֆրանսայի կառավարութեան նախաձեռնութիւնը՝ Մանուշեանի վերայուղարկաւորման կապակցութեամբ՝ համարեց բացառիկ քայլ բացառիկ անձնաւորութեան մը համար: Հուսկ՝ սրտի խօսք փոխանցելով Խորէն Արք.՝ գնահատեց ձեռնարկը, կոչ ուղղեց համախմբուած աշխատանքի եւ ընդգծեց նահատակութեան գաղափարը վեհօրէն հասկնալու կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց առողջ սերունդներու կերտման կարեւորութիւնը, ազգային արժէքներու տէր կենալու հրամայականը: Ա՛յս կը պատգամեն նահատակները՝ անցեալէն այսօր եւ մանաւանդ յանուն Արցախի ինկած հերոսական փաղանգները: Ան ընդգծեց հողին տէր կենալու միտքը՝ որ կ’ըլլայ անգին զոհողութեամբ եւ նուիրումով: Ապա՝ Պահպանիչով վերջ գտաւ սոյն պատկառելի հանդիսութիւնը:
Լուսանկարները՝ Արմէն Տէմիրճեանի