image

Նոր եռանդ Պուրճ Համուտի մէջ. Բացուած է Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» վերանորոգուած սրահը

Նոր եռանդ Պուրճ Համուտի մէջ. Բացուած է Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» վերանորոգուած սրահը

Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ծանրագոյն պայմաններուն հայկական գաղութին մէջ ժրաջան ջանքեր կը գործադրուին համայնքի եռանդն ու կորովը բարձր պահելու նպատակով։

Նոյն ծիրին մէջ  Պուրճ Համուտ հայաշատ շրջանի Հայ Կաթողիկէ  երիտասարդ եւ աշխոյժ ժողովրդապետը, ունենալով բարձր նեցուկն ու օրհնութիւնը ՝Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին կը շարունակէ իր նուիրական գործունէութիւնը։

Այս առուով Պուրճ Համուտի հայութեան համար կարեւոր ձեռքբերում կը համարուի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանին կից գտնուող Հ.Կ.Մ.-ի սրահին վերաբացումը, որուն հովանաւորութիւնը ստանձնածեն  Հայ Կաթողիկէ Համայնքի նուիրական ազգայիններէն՝ Տէր եւ Տիկին Վարուժ եւ Նիրվա Ներկիզեանները։

«Արեւելք» կիսելով այս ուրախութիւնը ստորեւ  ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնէ այդ մասին խմբագրութեանս ուղարկուած թղթակցութիւնը։

 

Պուրճ Համուտի Հ.Կ.Մ.-ի սրահը դարձեալ կը շողայ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Շաբաթ, 12 Յուլիս 2025 երեկոյեան ժամը 7-ին, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ կից Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» վերանորոգուած հրաշալի սրահին:

Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմին առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.-ի նախագահի ներկայացուցիչ վերապատուելի Նշան Պաքքալեան, Հայ եւ օտար եկեղեցւոյ հոգեւորական հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, Լիբանանի երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ, Տէր եւ Տիկին Վարուժ եւ Նիրվա Ներկիզեան, Ներկիզեան ընտանիքի անդամներ, ազգային, համայնքային, քաղաքական, կուսակցական, զինուորական, մշակութային, լրատուական, հայրենակցական միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, հայկական հաստատութիւններու եւ վարժարաններու տնօրէններ եւ մեծ թիւով բարեկամներ։

Սրահին հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ ձեռամբ Հոգեւոր Տիրոջ, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւո ժողովրդապետ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշեշեանի եւ բարերար ամոլին՝ տէր եւ տիկին Վարուժ եւ Նիրվա Ներկիզեաններուն: Միասնաբար հատելէ ետք, կարմիր ժապաւէնը, հոծ բազմութիւնը մուտք գործեց երկար տարիներու երազ հանդիսացող վերանորոգուած սրահը, ուր տեղի ունեցաւ օրհնութեան կարգը եւ աւանդական աղ ու հացի օրհնութիւնը։

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Տիկ. Մարալ Հարպոյեան, որ ըսաւ. «Այսօրուան մեր համախմբուածութիւնը կը գօտեպնդէ մեզ, կը նպատակաուղղէ մեր աշխատանքները, կ'ընդլայնէ մեր մտահորիզոնը եւ կ'արդիւնաւորէ մեր հաւաքական ճիգերը։ Մեր ժողովուրդի զաւակները միշտ իրենց վաստակէն բաժին հանելով, քար առ քար կառուցած են դպրոցներն, կեդրոններն, եկեղեցիներն ու յարակից մասերը եւ այսօր ամէն սերունդ իր վաստակէն բաժին ընծայելով կը փորձէ այդ կեդրոնները աւելի հիւրընկալ դարձնել իր ժողովուրդին համար եւ այս գեղեցիկ սրահը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ պիտի վերածուի հիւրընկալ անկիւնի մը»: 

Պատկան միութիւններու անունով բացման խօսքը կատարեց Նազարէթ Ապունայեան․ ըսելով. «Դժբախտաբար, Լիբանանի պատերազմը եւ անկէ բխող ազգակործան դէպքերը հարուածեցին երկրին բարգաւաճ վիճակը եւ ժողովուրդը մատնեցին քաոսային կեանքի»: Ապունայեան աւելցուց. «Տարիներու թաւալումով, այս սրահը դատարկուեցաւ եւ զայն պատեց ամայութեան մշուշը: Սակայն, տուեալ համայնքի մը յարատեւութիւնը կախեալ է անոր բաղկացուցիչ տարրերէն: Հետեւաբար, պէտք էր վերակենդանացնել ժողովրդապետութեան գործունէութիւնը, համախմբել երիտասարդ տարրերը, եւ կազմել աշխուժ կորիզ մը, որպէսզի Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութիւնը վերատիրանար իր անցեալի կենսունակութեան: Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքի հայրապետական ցուցմունքներով եւ հայրական օրհնութեամբ, մերօրեայ գործօն ժողովրդապետ՝ Հայր Սահակը, նետուեցաւ բարեկարգման ասպարէզ եւ նախաձեռնեց թէ՛ կրօնական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ շինարարական աշխատանքները»:

Ապա ցուցադրուեցաւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ յարակից միութիւններու հարուստ պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Բարերար Տիար Վարուժ Ներկիզեան ֆրանսերէնով ներկայացուց իր սրտի խօսքը եւ ըսաւ․ «Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին մշտապէս հոգեւոր կեդրոն մը եղած է մեր հաւաքական փորձառութեան մէջ. ան եղած է լուսաւոր փարոս մը լիբանանահայ կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ ծառայութեան վայր մը՝ ամենաանապահովներուն ու խոցելիներուն համար։ Հայ կաթողիկէ միութիւնը, իր հերթին, եղած է այն կարեւոր կառոյցներէն մէկը, որ կը խմորէր լիբանանահայ համայնքին կեանքը՝ առանցքային դեր ստանձնելով եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ աշխարհականներու դերակատարութեան արժեւորումին»։ Ներկիզեան աւելցուց. «Այդ միութիւնը սերտօրէն կապուած է իմ անձնական փորձառութեանս, Հ.Կ.Մ.ական հօրս յիշատակին եւ մօրս շարունակական գործունէութեան հետ՝ Մոնթրէալի մէջ: Ծնողքս իրենց համայնքային նուիրումով մեր ընտանիքի մթնոլորտին մէջ փոխ օգնութեան շունչ մը եւ գործելու մղում մը ստեղծեցին։ Ներկիզեան դիտել տուաւ, որ «Մեծ պատիւ մըն է, որ այս սրահը կրէ «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» անունը. ճանաչում մը՝ ընտանեկան արժէքներուն»: Ապա խօսքը ուղղելով իր զաւակներուն ըսաւ. «Տարիներ ետք, ձեզի կը մնայ շարունակել ձեր ծնողքին անունով այս սրահին վերանորոգութիւնը եւ հոգատարութիւնը»:

Ներկիզեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան՝ իրենց անկեղծ աջակցութեան եւ պատրաստակամութեան համար եւ եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Միասնաբար, շարունակենք մեր աշխատանքը՝ հայ համայնքը զինելով գործունէութեան նոր հնարաւորութիւններով` ի սպաս մեր հայրերու հաւատքի կենդանութեան եւ հայապահպանութեան»: Աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Տիար Կրէկուար Գալուստին, որ մշտական եռանդով կ'աշխատի բարելաւել մեր սիրելի համայնքին կեանքի պայմանները։ Առ ի երախտագիտութիւն՝ Ներկիզեան Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց ԺԹ. դարու սկիզբէն հնատիպ գիրք մը, որմէ ետք, «Երեւան Էրեբունի» երգը մեներգեց Կարէն Գազանճեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վերոնա Ռուսիալեանի։

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեան խօսք առնելով ըսաւ. «Հ.Կ.Մ.-ի այս սրահը՝ 86 տարիներ շարունակ ծառայած է որպէս հոգեւոր եւ համայնքային կեդրոն։ Արդարեւ, ինչպէս մեր մարմինները, նաեւ կառոյցներն ալ կը մաշին։ Եւ ահա եկաւ պահը, երբ այս սրահը կարիքը ունեցաւ արմատական նորոգութեան։ Աստուած առաջնորդեց մեզ Տիար Վարուժ Ներկիզեանին, որ ոչ միայն լսեց, այլ նաեւ ընդառաջեց»։ Վարդապետը իր խօսքը ուղղելով Ներկիզեան ընտանիքին ըսաւ. «Պօղոս առաքեալի կ’ըսէ. «Հոգի դրէ՛ք ձեր աշխատանքին մէջ, իբրեւ թէ Տիրոջ համար ըլլայ եւ ոչ թէ մարդոց» (Կող. 3:23): Սիրելի բարերարներ, դուք այդպէս կատարեցիք։ Ձեր նուիրաբերութիւնը եղաւ հաւատքի արտայայտութիւն։ Դուք տուիք՝ ոչ միայն նիւթական աջակցութիւն, այլեւ հաւատք, սէր, եւ եղաք կենդանի քարը՝ Ս. Պետրոսի խօսքով. «Դուք ալ, իբրեւ կենդանի քարեր, մասնակցեցէ՛ք հոգեւոր տաճարին կառուցման, սուրբ քահանայութեան մը համար»։ Ժողովրդապետը աւելցուց. «Աշխարհի այս փոքրիկ՝ Պուրճ Համուտի անկիւնին մէջ, ուր Աստուծոյ արքայութիւնը քար առ քար կը կերտուի, զանազան միութիւններ կը գործեն՝ բարեսիրական, տիկնանց, մշակութային, յատուկ կարիքներ ունեցողներու, երաժշտական, երիտասարդական, սկաուտական, մանկապատանեկան, ընտանեկան, բարեկարգման միութիւններ. այսպիսով, մենք պաշտօնապէս կը վայելենք մօտ 20 միութիւններու գործունէութիւնը ժողովրդապետութենէս ներս՝ իրենց շուրջ 700 անդամ-անդամուհիներով։» Հայր Քէշիշեան խօսքը եզրափակելով ըսաւ. «Այս սրահը պիտի մնայ նոր ուխտի տան շարունակութիւնը՝ սիրոյ, կրթութեան եւ հայ համայնքային միաբանութեան օճախ, առանց խտրութեան։ Ի վերջոյ, այս սրահը Աստուծմէ եկած սիրով շինուեցաւ»։ 

Սրնգահար Կասիա Լեւոնեան եւ թաւջութակահար Սերժ Ներսէսեան ներկայացուցին Կապրիէլ Ֆովէի «Բաւան»ը։

Հանդիսութեան աւարտին, Հայրապետական Պատգամ փոխանցեց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, իր ուրախութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնելով Ժողովրդապետ հօր՝ Հայր Սահակի ու Տէր եւ Տիկին Ներկիզեաններու անսակարկ նուիրումին , հոգատար մօտեցումին եւ աստուածահաճոյ այս աշխատանքին համար։

Առ ի գնահատանք, Հոգեւոր տէրը եւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեան Ներկիզեան ընտանիքին նուիրեցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի խճապատկերը։