image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Պայքար»ի. Ի՞նչ բերաւ Լաւրով Երեւան իր թղթապանակին մէջ

Խմբագրական «Պայքար»ի. Ի՞նչ բերաւ Լաւրով Երեւան իր թղթապանակին մէջ

Ռուսաստան պատերազմ շղթայազերծելով Ուքրանիոյ դէմ, ամբողջ Արեւմուտքը հանեց իր դէմ: Անշուշտ, Արեւմուտքը Ուքրանիոյ ապահովութեամբ մտահոգուելէ աաջ` առիթ մը գտած է արիւնաքամ ընելու Ռուսաստանը: Արդէն մեկնաբաններու ուշադրութենէն չէ վրիպած զուգորդութիւնը Աֆղանիստանի պատերազմին հետ: Արդարեւ, Պրեժնեւի արկածախնդրութիւնը ատենին դարձած էր բազմաթիւ ազդակներէն մէկը սովետական կայսրութեան փլուզումին: Արեւմուտքը նոյն պատկերը կը տեսնէ Ուքրանիոյ մէջ, ուր ռուսական ոյժը կը սպառի, եւ Արեւմուտքը, առանց ուղղակի ճակատելու Ռուսաստանի հետ, կ'օժանդակէ Ուքրանիոյ որ յաջողցնէ Ռուսաստանի աւազախրումը:

Այս արիւնալի բախման մտահոգութիւնները իր մտքին մէջ եւ ուսերուն վրայ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Սերկէյ Լաւրով կը ճամբորդէ երկրէ երկիր, զբաղելու համար շրջանային հրատապ հարցերով: Իր յոգնութեան եւ ծանրաբեռնուածութեան ազդանշանը դրսեւորուեցաւ Երեւանի մէջ տուած իր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` երբ Փարուխ գիւղը հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կարծելով` թոյլ տուաւ վտանգաւոր սխալ մը:

Երեւանէն առաջ ան փորձեց այցելել Սերպիա, սակայն օդային ճամբաները փակ գտաւ իր դիմաց եւ վերջապէս հասաւ Անքարա, ուր թրքական կողմին հետ ունէր բազում հրատապ խնդիրներ քննարկելու. անոնցմէ մէկն էր ուքրանական ցորենը Սեւ Ծովէն փոխադրելով Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկիրները հասցընելը: Այս հարցին շուրջ խօսակցութիւնները արդիւնք մը չտուին: Միւս խնդիրը նոյնքան խրթին էր. ատիկա Անքարայի ծրագիրն էր նոր արշաւանք մը կազմակերպելու Սուրիոյ մէջ 30 քիլոմեթր եւս գրաւելու սուրիական հողամասէն, այդ ընթացքին ջարդելով Ամերիկայի դաշնակից քիւրտերը:

Այդ ուղղութեամբ արդէն Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ազդարարութիւն մը կատարած էր, սակայն այդ ազդարարութեան մեղմ բնոյթը Անքարայի կողմէ մեկնաբանուած էր իբրեւ կէս արտօնութիւն: Հետեւաբար Անքարա կ'ապաւինէր Մոսկուայի համաձայնութեան, քանի այս վերջինը եւս կենսական շահեր ունի այդ շրջանին մէջ: Այնպէս կը թուի որ Լաւրով այդ ուղղութեամբ համաձայնութիւն չէ տուած, որովհետեւ Թուրքիա բոլոր պատրաստութիւններ տեսնելէ վերջ, մնաց սպասողական վիճակի մէջ:

Անմիջական անցեալին Էրտողան մեծերու արտօնութեան չէր սպասեր իր արկածախնդրութիւնները իրականացնելու: Սակայն, այս օրերուն ակնկալութիւններ ունի մեծերէն իր տնտեսութիւնը բարելաւելոււ, իր օդոյժը հզօրացնելու եւ իր գլխուն կուտակուած խնդիրները լուծելու. հետեւաբար որոշած է զգուշանալ նոր արկածախնդրութիւններէ: Ոչ Սուրիա կատարելիք արշաւանքը իրականացուց, ոչ ալ Յունաստանի հետ իր ունեցած լարուածութիւնը բախումի մակարդակին հասցուց:

Ուրեմն, Մեւլուտ Չաւուշօղլու, բոլոր այս խնդիրներու կողքին Լաւրովի հետ քննարկած է Կովկասի խնդիրները եւ յատկապէս` հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնները: Այստեղ կողմերը ունին հասարակաց շահեր, որոնց գլխաւորն է Արեւմուտքը հեռու պահել կովկասեան շրջանի խնդիրներուն միջամըտելէ: Այդ խնդիրներուն ամէնէն հրատապը, բնականաբար, Արցախի խնդիրն է:

Ուրեմն, Լաւրով եւ Չաւուշօղլու որոշած են վերակենդանացնել Կովկասի խընդիրներուն լուծման 3+3 ձեւաչափը: Այսինքն, երեք մեծերը` Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Իրան հրաւիրեն Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Վրաստանը` համաձայնութեան գալու. կամ, աւելի ճիշդ` իրենց կամքը պարտադրելու:

Այս ձեւաչափին վերակենդանացման նպատակը նախաձեռնութիւնը խլելն է Արեւմուտքի ձեռքէն: Այսինքն այս ձեւաչափով փոխարինել Մինսքի խումբին ձեւաչափը, որ անդամալուծուած է, որովհետեւ Արեւմտեան համանախագահները (Ամերիկա եւ Ֆրանսա) չեն ուզեր համագործակցիլ ռուս համանախագահին հետ: Սակայն, վերջերս Պրիւքսէլ ազդանշաններ արձակեց որ Մինսքի խումբը կենդանի է եւ կրնայ զբաղիլ Արցախի խնդիրով:

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ համար ձեռնտու է 3+3 ձեւաչափը, որովհետեւ Անքարան կրնայ ուղղակի խօսիլ Մոսկուայի հետ, Հայաստանի գլխուն վրայէն: Սակայն, այդ ձեւաչափը, ի սկզբանէ կաղ է, որովհետեւ Վրաստան կը մերժէ մտնել քաղաքական բոլոր այն ձեւաչափերուն մէջ, ուր Ռուսաստանը գործօն մըն է: Հայկական շահերու տեսակէտէն, այդ ձեւաչափի մասնակիցներուն մէջ չկայ ոեւէ կողմ որ համաձայն է Արցախի ինքնորոշման: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար Արցախի խնդիրը արդէն լուծուած է. Ռուսաստան կը պաշտպանէ այն տեսակէտը որ Արցախի կարգավիճակի հարցի քննարկումը թողուի ապագայ անորոշ ժամանակի մը, երկարաձգելու եւ արդարացնելու համար ռուս խաղաղապահ ոյժերու կեցութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը Ատրպէյճանի հողին վրայ. եւ արդէն, նախագահ Փութինի իսկ բերնով յայտարարուած է որ Արցախը ատրպէյճանական հող է. այսինքն, նոյնիսկ այն հեռաւոր թուականին երբ Մոսկուա հասած նկատէ ինքնորոշման ժամանակը, Փութինի տեսակէտը պիտի դառնայ վճռական ազդակ խնդրին լուծման մէջ:

Գալով Իրանին, բարեկամ կարծուած այդ երկիրը չափազանցօրէն իրապաշտ քաղաքականութիւն մը կը վարէ. այսպէս, երբ նախագահ Ալիեւ հրապարակաւ սպառնաց որ, ի հարկին, կրնայ զինու ոյժով իրականացնել Զանգեզուրի միջանցքի հարցը, Իրան կայացուց աննախընթաց չափի զօրավարժութիւններ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ, ազդանշան մը ուղղելով Պաքուի իշխանաւորներուն. սակայն, միւս կողմէ Իրան շնորհաւորեց Ատրպէյճանը ՙիր հողերը վերագրաւած՚ ըլլալուն համար 44օրեայ պատերազմին եւ սկսաւ մասնակցիլ գրաւեալ տարածքներուն մէջ շինարարական ծրագիրներու, թէ առեւտրական շահի հեռանկարներով եւ թէ ալ այդ հողերուն վրայ հետեւելու իսրայէլեան ոյժերու լրտեսական եւ ռազմական գործունէութեանց:

Հետեւաբար 3+3 ձեւաչափը ներհակ է Հայաստանի եւ Արցախի կենսական շահերուն. սակայն, Հայաստան համակերպած է դժկամութեամբ մասնակցելու` գոհացնելու համար Մոսկուայի ակնկալութիւնները:

Բոլոր այս մտահոգութիւնները առկայ եղած են երկար ժամանակէ ի վեր, սակայն, այն ինչ որ նոր է, այս ձեւաչափերու հակադրութիւնը սկսած է անդրադառնալ Արցախ-Հայաստան տեսակէտներու բեւեռացումին վրայ:

Արդարեւ, Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեկլարեան, որ Արցախի ամէնէն խոհեմ ձայնն է – ու նաեւ` Արցախի խիղճը – վերջերս յայտարարեց որ Արցախը չի ցանկար իր խնդրին լուծումը վստահիլ Մինսքի խումբի ձեւաչափին, մինչ Հայաստան` բացառաբար այդ խնդրին լուծումը կը գտնէ Մինսքի կազմէն ներս: Այս բեւեռացումը երկընտրանքի առջեւ կը դնէ բովանդակ հայութիւնը: Արդեօք Ստեփանակերտ եւ Երեւան ներհակ ճանապարհներո՞վ կ'ընթանան, թէ այս բաժանումը առիթ է Արցախի ինքնորոշութիւնը շեշտելով վերատիրանալու իր ինքնուրոյն ձայնին որ ունէր 1994ի հրադադարի պահուն երբ իբրեւ երրորդ կողմ ճանչցուեցաւ Պաքուի կողմէ:

Կ'ապրինք ու կը տեսնենք:

Սերկէյ Լաւրով Երեւան կը ժամանէր մասնակցելու Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտի (ՀԱՊԿ) կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու հերթական համախմբման:

Հայաստանի մասնակցութիւնը ՀԱՊԿին բաւական խնդրական է, քանի այս կազմին միւս մասնակիցները, ոչ միայն շնորհաւորեցին Ատրպէյճանը 44օրեայ պատերազմէն ետք, այլ կը շարունակեն զէնք տրամադրել այդ կազմէն դուրս գտնուող այդ երկրին:

Միւս կողմէ այս ուխտին կանոնագրութեան երկրորդ յօդուածին մէջ նշուած է որ անդամ երկիրներէն ոեւէ մէկուն հողային տարածքին վրայ յարձակում կատարուելու պարագային այս կազմը պէտք է անցնի անմիջական խորհրդակցութեան եւ հասնի օգնութեան:

Ի դէպ, ՀԱՊԿի հերթական այս նիստը կը կայանայ Երեւանի մէջ, որովհետեւ ներկայիս Հայաստան կը վարէ այս կազմին նախագահութիւնը: Այս ձեւով Լաւրովի համար ձեռնտու էր որ Երեւան գար, քանի, այլապէս ալ ան մտահոգուած էր այն զարգացումներով որոնք գործակցութեան հունին մէջ դրած են Երեւանն ու Պրիւքսէլը, մտահոգութիւն պատճառելով Ռուսաստանին:

Հայաստան արդէն ռազմական դաշինք ունի Ռուսաստանի հետ, հետեւաբար ՀԱՊԿի միջոցաւ Ռուսաստանի հետ ռազմական կապի մէջ գտնուիլը աւելորդ կաշկանդում մըն է, մանաւանդ միւս կարծեցեալ դաշնակիցները թշնամաբար տրամադրուած են Հայաստանի հանդէպ:

ՀԱՊԿը թելադրուած իր իսկ կանոնադրութենէն, պէտք է արձագանգած ըլլար անցեալ Մայիսին երբ Ատրպէյճան գրաւեց Հայաստանի ինքնիշխան հողատարածքին մէկ մասըª ընդառաջելով Հայաստանի դիմումին: Աւելի քան տարի մը անցած է այդ թուականէն սակայն ոչ մէկ պատասխան այդ կազմի առանձին անդամներէն կամ ղեկավարութենէն: Արարատ Միրզոյեան քաջութիւնը ունեցաւ այս խնդիրը արծարծելու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ուր ներկայ էր նաեւ Սերկէյ Լաւրովը: ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղարը` Սթանիսլաւ Զաս որ կանգնած էր Միրզոյեանի կողքին, քարացած մնաց` Թութ Անխամոնի արձանին նման:

Միւս կողմէ, սակայն, երբ տեղի ունեցաւ Ղազախստանի պետական հարուածը` Հայաստան անմիջապէս անսաց ՀԱՊԿի կոչին եւ ղրկեց 200 հոգինոց գումարտակ մը, իր պարտականութիւնը կատարած ըլլալու համար այդ ուխտին նկատմամբ: Հայաստանի մէջ մեծ է դժգոհութիւնը այս կազմակերպութեան նկատմամբ եւ հետզհետէ դժգոհութիւնները աւելի բարձրաձայն կը հնչեն եւ կոչեր կ'ուղղուին` դուրս գալու այս համախմբումի կազմէն:

Լաւրովի միակ դրական լուրը այն էր որ Անքարայի իր հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է որ բացուելիք բոլոր ճամբաները պիտի մնան համապատասխան երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքեւ. այսինքն` թէ Զանգեզուրի Միջանցքին վրայ արտացամաքային (ex-territorial) իրաւունք պիտի չունենայ Ատրպէյճանը: Սակայն, եթէ գործադրութեան պիտի դրուի Նոյեմբեր 9ի յայտարարութիւնը` այնտեղ Հայաստան յանձնառու եղած է թոյլատրելու որ միջանցքին ապահովութիւնը երաշխաւորէ ռուսական բանակը: Այդ ուղղութեամբ խօսք առնելով` Լաւրով յայտարարեց որ սահմանային անցումները ՙպիտի պարզացւին՚: Թէ ի՞նչ կը նշանակէ այս բացատրութիւնը` կարօտ է մեկնաբանութեան:

Լաւրովի ժամանման առիթով ընդդիմադիր ցուցարարները բարեկամական դիմումներով ողջունեցին Լաւրովի այցը: Իսկ Ազգային Բեւեռը նօսր խումբով ցոյց մը կազմակերպելով թշնամական լոզունգներ արձակեց ռուս դիւանագէտի հասցէին: Անոնց միացաւ հակառուս մեկնաբաններու խմբակը պահանջելով որ Ռուսաստանը հեռանայ Հայաստանէն, վերցնելով իր ռազմախարիսխը: Այս կոչին ձայնակցող մեկնաբաններուն մէջ յիշենք Լեւոն Շիրինեանը, Ռուբէն Մեհրապեանը, Միքայէլ Հայրապետեանը եւ մանաւանդ Արեգ Քոչինեանը, ըստ որուն ՙՌուսաստան աւելի մեծ թշնամի է քան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՚:

Ռուսաստանի բարեկամութիւնը Հայաստանի հետ պայմանաւորուած է անոր շահերով, ինչպէս Հայաստանի փոխադարձ բարեկամութիւնը թելադրուած պէտք է ըլլայ իր շահերէն: Հետեւաբար, քաղաքականութեան մէջ սիրելու կամ չսիրելու հարց գոյութիւն չունի: Կը գործէ միայն շահերու քաղաքականութիւնը:

Վերեւի հակառուս իմաստակները պարտին մեզի իմացնել որ Ռուսաստանի մեկնումէն կամ` վտարումէն ետք գոյութիւն ունի՞ն հեռաւոր սուրբեր Արեւմուտքի մէջ որոնք կրնան երաշխաւորել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը: Եթէ անհամբեր կը սպասեն մեզի` արդարացի կ'ըլլայ Ռուսաստանին սպառնալու հերոսութիւնը: Միւս կողմէ Ռուսաստան Կովկասը կը նկատէ իր ազդեցութեան գօտին եւ բուռն կերպով կը հակադարձէ բոլոր այն ոյժերուն որոնք կը սպառնան այդ գօտիներուն: Վրաստան փորձեց այդ հերոսութիւնը եւ կորսնցուց Ապխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան: Ուքրանիա ընտրեց ՆԱԹՕի անդամակցութեան հեռանկարը` այսօր արիւնալի մարտերու մէջ է: Ռուսաստանի բարեկամութիւնը կրնայ այնքան ջերմ չըլլալ, բայց թշնամութիւնը դաժան է: 

Սերկէյ Լաւրով ոգեւորիչ տուեալներ չհանեց իր թղթապանակէն, սակայն իր թղթապանակը ծանրաբեռնուած մեկնեցաւ Հայաստանէն: