image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ո՞վ յանձնեց իշխանութիւնը Փաշինեանին

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ո՞վ յանձնեց իշխանութիւնը Փաշինեանին

Քոչարեանի եւ Սարգսեանի կողմնակիցներուն միջեւ անհանդուրժողութիւնը մակերես դուրս գալով այժմ վերածուած է լիարժէք պատերազմի ու կողմերը հրապարակաւ զիրար կ՛ամբաստանեն իշխանութիւնը Նիկոլ Փաշինեանին «յանձնելու» մէջ:

Այս լեզուակռիւը ծայր առաւ երբ Ռոբերտ Քոչարեան իր վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ իր կողմնակիցները չեն ընդունիր Սերժ Սարգսեանին, իսկ Սարգսեանի կողմնակիցները չեն ընդունիր՝ իրեն: Նման խօսք հրապարակ նետելով Քոչարեան կանաչ լոյս բացաւ իր կողմնակիցներուն առջեւ, որպէսզի յարձակումի անցնին ու  Սերժ Սարգսեանը վարկաբեկեն ընդդիմադիր զանգուածի աչքին: Քոչարեան համոզուած է, որ ինքն աւելի ուժեղն է եւ նախքան յաջորդ տարի նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է հրապարակէն հեռացնել Սարգսեանին՝ դառնալու համար ընդդիմադրութեան միանձնեայ ղեկավարը: Սարգսեանի կողմնակեցները իրենց կարգին կը մեղադրեն քոչարեանականներուն՝ 2018-ին իրադարձութիւններուն ընթացքին  Փաշինեանի շարժումին սատարելու մէջ:

Ո՛չ մէկը եւ ոչ ալ միւսը իշխանութիւնը կամովին չյանձնեցին ոեւէ մէկուն: Իշխանութիւնը յանձնողը անոնց քսանամեայ կառավարման արատաւոր երեւոյթներն էին: Քրէա-օլիկարխիկ համակարգը իր բոլոր դրսեւորումներով, տնտեսական մենաշնորհները, համատարած կաշառակերութիւնը, ազատութիւններու կաշկանդումը, կեղծուած ընտրութիւնները, ժողովուրդի կենսամակարդակի տրուէ-տարի անկումը երկիրը հասցուցին փլուզումի եզրին: Ասոնց վրայ աւելցուցած՝ Հոկտեմբեր 27-ի եւ Մարտի 1-ի սպանդները եղան գլխաւոր պատճառը ժողովուրդի պոռթկումին եւ կուտակուելով լեցուցին անոր համբերութեան բաժակը:

Երբ Նիկոլ Փաշինեան իր սակաւաթիւ համախոհներով 2018-ի Մարտին սկսաւ Կիւմրիէն իր ոտքով երթը  դէպի Երեւան, ոչ ոք գիտէր թէ ինչպիսի աւարտ պիտի ունենայ այդ: Սակայն, Հայ հասարակութիւնը սկսաւ կամաց-կամաց միանալ  երթին ու երբ ան հասաւ Հանրապետութեան հրապարակը ու կաթուածահար եղաւ ամբողջ քաղաքը, ժողովրդային յեղափոխութեան դրօշը պարզուած էր եւ Ո՛չ Սերժ Սարգսեանը եւ ոչ ալ Ռոբերդ Քոչարեանը կրնային կասեցնել անոր յաղթական երթը եւ կամ փոխել պատմութեան ընթացքը: Այդ երկուքը իրենց ձախողումներով ու անճարակ կառավարումով ստիպուած եղան իշխանութիւնը յանձնել ժողովուրդին, իսկ նոյն այդ ժողովուրդը իշխանութիւնը ազատ ընտրութիւններով վստահեցաւ Փաշինեանին, իսկ ան  պատերազմի պարտութենէն ետք իսկ վերընտրուեցաւ նոյնքան ազատ քուէարկութեան միջոցաւ:

Փողոցային պայքարի միջոցաւ իշխանութեան հասնելու փորձերը ձախողութեան մատնուելէ ետք, ընդդիմադրութեան երկու թեւերն ալ այժմ յոյսեր կը կապեն խորհրդարանական յաջորդ ընտրութիւններուն հետ եւ կը խորհին թէ Փաշինեանի վարկանիշի նուազումը դուռ կը բանայ իրենց առջեւ՝ վերադառնալու իշխանութեան: Սակայն, անոնց միջեւ ծագած վէճերը անգամ մը եւս ցոյց կու տան թէ անոնք դասեր չեն քաղած իրենց անցեալի սխալներէն ու փոխանակ առողջ ու անկեղծ երկխօսութեան մէջ մտնելու լայն հասարակութեան հետ՝ շտկելու համար անցեալի իրենց գործած սխալները, լծուած են զիրար յօշոտելու աշխատանքին, որպէսզի յետոյ ալ իրենց մաղձը ուղղեն ժողովուրդին դէմ:

Քոչարեանն ու Սարգսեանը նոյն դրամին երկու կողմերն են« որոնց համար իշխանութիւնը հարստանալու համար է եւ ոչ թէ ժողովուրդին ծառայելու միջոց: Յաջորդ ընտրութիւններէն առաջ Հայաստանի ժողովուրդի ուսերուն կ՛ինայ լուրջ պարտականութիւն: Ո՛չ քոչարեանականներուն եւ ոչ ալ սերժականներուն չարտօնել, որ անգամ մը եւս իրենց ձեռքերուն մէջ առնեն Հայաստանի պետութեան լծակները ու շարունակեն իրենց կիսատ ձգած կործանարար գործունէութիւնը:

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»