image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Պրիւքսելեան հանդիպումի դրական արդիւնքները

Խմբագրական «Մասիս»ի. Պրիւքսելեան հանդիպումի դրական արդիւնքները

Պրիւքսէլի մէջ կայացած նման բարձր մակարդակի հանդիպումը տնտեսականի կողքին ունէր  նաեւ քաղաքական յստակ պատգամ  այն առումով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաւասարութիւն դնելու ժամանակը աւարտած է: Մէկ կողմը կը գտնուի ժողովրդավար Հայաստանը, որ կը ձգտի խաղաղութեան եւ Եւրոպայի հետ մերձեցման, իսկ միւս կողմը կայ բռնապետական Ատրպէյճանը, որ կը հանդիսանայ շրջանային անկայունութեան գլխաւոր դերակատարը: Այս բոլորը նկատի առնելով Հայաստան-Եւրոպա-Միացեալ Նահանգներ վերջին հանդիպումը յաղթանակ մըն էր Երեւանի համար, որուն վարած բազմակողմանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը շարունակէ տալ իր դրական արդիւնքները:

 

Անցեալ Սեպտեմբերին ատրպէյճանական զօրքերը ներխուժեցին Արցախ` հայաթափումի ենթարկելով հոն ապրող աւելի քան 100 հազար հայութիւնը: Եւրոպան ու Միացեալ Նահանգները չկարողացան կանխել այդ աղէտը` սակայն եկան այն եզրակացութեան« որ ամէն գնով պէտք է օգնել ժողովրդավարութեան ճանապարհր բռնած Հայաստանին ու ցուցաբերել ամէն տեսակի օժանդակութիւն` զսպելու համար Ալիեւի սպառնալիքները` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն նկատմամբ: Արցախի իրադարձութիւնները անկիւնադարձային եղան Հայաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելու առումով: Անցեալ Հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ գումարուած Եւրոպական Երկիրներու Գագաթի Ժողովի առընթեր նախատեսուած էր հնգակողմ հանդիպում« որուն հրաւիրուած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահը« որ վերջին վայրկեանին մերժեց մասնակցիլ խաղաղութեան շուրջ կայանալիք բանակցութիւններուն: Ալիեւի բացակայութիւնը յաւելեալ փաստ հանդիսացաւ Եւրոպային, որ Պաքուն վստահելի գործընկեր չի կրնար ըլլալ` Կովկասեան տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատելու համար եւ պէտք է ամէն գնով ուժեղացնել Հայաստանը:

Ալիեւի այս քայլը առիթ եղաւ նաեւ, որպէսզի Ֆրանսայի« Գերմանիոյ ու Եւրոպայի Խորհուրդի ղեկավարները` Հայաստանի վարչապետի ներկայութեան ընդգծեն իրենց «անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան« տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան՚: Անոնք նաեւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման` Հայաստանի Հանրապետութեան կարիքներուն համապատասխան:

Այս հանդիպումէն անմիջապէս ետք, Եւրոպան անցաւ գործնական քայլերու: Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վան Տէր Լայն յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը Միացեալ Նահանգներու հետ միասին պիտի կազմակերպէ հանդիպում` Հայաստանին աջակցելու համար:  Այդ հանդիպումը կայացաւ Ապրիլի 5-ին Պրիւքսելի մէջ, որուն ընթացքին Եւրոպան ու Միացեալ նահանգները միասնաբար վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` աջակցելու Հայաստանին, այս անգամ խօսելով նաեւ ՙընկերա-տնտեսական դիմակայունութեան՚ մասին« որուն նպատակն է բազմազանեցնել Հայաստանի տնտեսական ներուժը, որպէսզի ան նուազեցնէ իր կախուածութիւնը Ռուսաստանի տնտեսութենէն:

Այս հարցը ծագեցաւ երբ օրակարգ մուտք գործեց Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան, որ կը ներառնէ նաեւ մուտք` Եւրոպական Միացեալ Շուկայ: Այդ ընելու համար Երեւան ուշ թէ կանուխ պէտք է որոշում կայացնէ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն դուրս գալու հարցով: Ռուսաստանի գլխաւորած այդ միութիւնը ներկայիս կը նկատուի Հայաստանի տնտեսութեան գլխաւոր շարժիչ ուժը: Նախ քան հոնկէ դուրս գալը Հայաստան պէտք ունի ապահովելու իր դիմակայութիւնը` յառաջանալիք դժուարութիւնները կանխելու համար:

Ներկայիս Հայաստան կաշխատի ուժեղացնել իր թիկունքը ռազմական, տնտեսական ու քաղաքական առումներով` նախապէս պատրաստուելով հաւանական վտանգներուն դէմ, որոնք  կրնան յառաջ գալ մի քանի տարբեր կողմերէ: Զարմանալի չէր երբ Պաքուն, ու որոշ չափով նաեւ Անգարան ու Մոսկուան Պրիւքսելեան հանդիպումէն առաջ իսկ սկսան աղմուկ բարձրացնել ժողովի մը շուրջ, որ չէր վերաբերեր իրենց: Ատրպէյճան մտահոգ է, որ Հայաստան սկսած է վայելել բազմակողմանի աջակցութիւն` այնպիսի երկիրներէ, որոնք իրմէ մի քանի աստիճան բարձր մակարդակի «խաղացողներ» են: Թուրքիան կը կատարէր իր «կրտսեր եղբոր՚ անվերապահ զօրակցելու իր պարտաւորութիւնը: Մոսկուայի դժգոհութիւնը կը կայանայ հոն, որ ան չի կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ Երեւան սկսած է վարել իրմէ անկախ արտաքին քաղաքականութիւն: Այս օրերուն այդ երեք երկիրներու  շահերը կը համընկնին իրարու եւ բնականաբար կը հակադրուին Հայաստանի ազգային շահերուն:

Պրիւքսէլի մէջ կայացած նման բարձր մակարդակի հանդիպումը տնտեսականի կողքին ունէր  նաեւ քաղաքական յստակ պատգամ  այն առումով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաւասարութիւն դնելու ժամանակը աւարտած է: Մէկ կողմը կը գտնուի ժողովրդավար Հայաստանը, որ կը ձգտի խաղաղութեան եւ Եւրոպայի հետ մերձեցման, իսկ միւս կողմը կայ բռնապետական Ատրպէյճանը, որ կը հանդիսանայ շրջանային անկայունութեան գլխաւոր դերակատարը: Այս բոլորը նկատի առնելով Հայաստան-Եւրոպա-Միացեալ Նահանգներ վերջին հանդիպումը յաղթանակ մըն էր Երեւանի համար, որուն վարած բազմակողմանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը շարունակէ տալ իր դրական արդիւնքները:

 

Գ. Խոտանեան

«ՄԱՍԻՍ»