 
                    Հռոմի մէջ, Հոկտեմբեր 26-էն 28-ը, տեղի ունեցած յանուն խաղաղութեան աւանդական միջազգային համաժողովին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն մասնակցեցան Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան եւ Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Հոգեշնորհ Տէր Գարեգին Վրդ․ Համբարձումեան։ Համաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ․ Սահակ Արք․ Մաշալեանը։
Կրօններու եւ մշակոյթներու երկխօսութեան այս հաւաքը սկիզբ առած է 1986 թուականին, երբ Ս․ Յովհաննէս Պօղոս Բ․Պապի հրաւէրով առաջին անգամ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ծննդավայրի՝ իտալական Ասսիզի քաղաքի մէջ, ամբողջ աշխարհէն միասնական աղօթքի հաւաքուեցան տարբեր կրօններու առաջնորդներ։ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ գործող Սանտ Էճիտիո (Comunità di Sant’Egidio) կազմակերպութիւնը որոշեց շարունակել լեհ Քահանայապետի վեհ նախաձեռնութիւնը՝ զայն վերածելով կարեւոր աւանդութեան։ Ինչպէս երէկ եզրափակիչ արարողութեան յայտարարեց Սանտ Էճիտիո կազմակերպութեան ներկայ նախագահ փրոֆ․ Մարկօ Իմպալեացցոն՝ յառաջիկայ տարուան յոբելենական 40-րդ հաւաքը կը կատարուի հենց Ասսիզի մէջ։
Այս տարուան Հռոմի մէջ կայացած միջոցառումը անցաւ «Խաղաղութեան հաւակնիլ» խորագիրի ներքոյ։
Հոկտեմբերի 26-ի հանդիսաւոր բացման ներկաներուն ողջունեց Հռոմի քաղաքապետ Ռոպերթո Գուալտիերին, այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Սանտ Էճիտիոյի հիմնադիր, փրոֆեսոր Անդրիա Ռիկարտին, Իտալիոյ նախագահ Սերժո Մատտարելլան, Նորին Մեծութիւն Պելճիքայի թագուհի Մաթիլտան, Եւրոպայի Ռապիններու ժողովի նախագահ Փինչաս Գոլտշմիդտը, Ալ-Ազհարի Գերագոյն Իմամ շէյխ Ահմէտ Մուհամմէտ Էլ-Տալիպը եւ այլ նշանաւոր անձինք։
Բացման արարողութեան յաջորդող երկու օրերու ընթացքին տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քաղաքականութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան եւ գիտութեան ոլորտներու յայտնի գործիչներ մասնակցեցան համաժողովի ընթացքին մատուցուած 22 թեմատիկ ֆորումներուն։
Գերշ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան մասնակցեցաւ «Չարին դիմագրաւելը. մեր ժամանակներու նահատակները» խորագիրով ֆորումին՝ ներկայացնելով խորաթափանց անդրադարձ նահատակութեան իմաստին՝ հայկական քրիստոնէական աւանդոյթի համատեքստի մէջ։
«Մեզի՝ հայերուս համար, — նշեց Սրբազանը, — նահատակը ոչ թէ զոհ է, այլ վկայ, որ հաւատարիմ Աստուծոյն եւ մերձաւորի հանդէպ սիրէն՝ իր կեանքը կ՛ընծայէ»։
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգութեան՝ Սրբազանը շեշտեց, որ ան փորձ էր վերացնելու ողջ ժողովուրդ մը, անոր մշակոյթը եւ Եկեղեցին։ Սակայն լոյսը չմարեցաւ։ Ան /Սրբազանը/ ընդգծեց, որ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ Սուրբ Նահատակներու սրբադասումը «ոչ թէ քաղաքական գործողութիւն էր, այլ հաւատքի դրսեւորում՝ հռչակում այն բանի, որ սէրը մահէն զօրաւոր է, որ ճշմարիտ յիշողութիւնը արդարութեան ձեւ է, եւ որ նահատակներու արիւնը կոչուած է ոռոգելու խաղաղութեան ծառը, եւ ոչ թէ վրէժխնդրութիւնը»։
Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ ներկայիս Մերձաւոր Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ քրիստոնեայ համայնքներու տառապանքներուն՝ յաւելելով․
«Մենք կը յիշենք նաեւ եզիտիներու, մահմէտականներու, հրեաներու եւ բոլոր այն խոցելի փոքրամասնութիւններուն, որոնց արժանապատուութիւնը ոտնահարուած է ֆանատիզմի /մոլեռանդութեան/ եւ պատերազմի հետեւանքով»։
Այնուհետեւ Սրբազանը անդրադարձաւ վերջին տարիներուն արցախահայութեան ցաւալի փորձութիւններուն, որոնց հետեւանքով ամբողջ ժողովուրդ մը տեղահանուեցաւ իր նախնիներու հողերէն, վնասուեցան եկեղեցիներ, պղծուեցան գերեզմանոցներ, իսկ մշակութային ժառանգութիւնը դարձաւ խոցելի։
«Եկեղեցին, — ըսաւ Սրբազանը, — կը շարունակէ աղօթել եւ գործել՝ հոգալով տեղահանուածներու մասին եւ պահպանելով ան յոյսը, որ արդարութիւնը կրնայ յաղթել առանց ատելութեան, իսկ հաշտութիւն կայանալ առանց ժխտումի»։
Իր ելոյթով Սրբազանը մատնանշեց չարիքը դիմագրաւելու վեց ուղի․ յիշել ճշմարտութեամբ, վկայել միասին, օգտագործել աղօթքն ու ապաշխարութիւնը՝ որպէս հաւատքի գործիքներ, ճշգրտօրէն ամոքել վէրքերը, միաւորել գթութիւնն ու արդարութիւնը եւ ձեւաւորել խաղաղութեան գիտակցութիւնը։
Ան բարձր գնահատեց Սանտ Էճիտիո համայնքի գործունէութիւնը՝ բնութագրելով զայն որպէս «խաղաղութեան համբերատար կառուցում՝ աղօթքի, աղքատներու հետ բարեկամութեան եւ երբեք չյանձնուող երկխօսութեան միջոցով»։
Խօսքը եզրափակելով՝ Խաժակ Սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն միանալ համընդհանուր յանձնառութեամբ․
Յիշել ճշմարտութեամբ եւ ձայնակցիլ ձայնազուրկներուն։
Մերժել ատելութիւնը՝ նոյնիսկ երբ ան արդարացուած կը թուի։
Պաշտպանել խոցելիները՝ երեխաները, տարեցները, տեղահանուածները եւ փոքրամասնութիւնները՝ անկախ շահերէն եւ աշխարհագրութենէն։
Պաշտպանել հաւատքի եւ խիղճի ազատութիւնը բոլորի համար անխտիր։
Եկեղեցիները, մզկիթներն ու սինագոգները դարձնել ողորմութեան տուներ եւ խաղաղութեան դպրոցներ։
Ամրապնդել իրաւունքի գերակայութիւնը, որպէսզի բռնութիւնը սահմանափակուի, իսկ հաշտութիւնը գտնէ իր իրական ուղին։
Սրբազանը խօսքն աւարտեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքով։
Հոկտեմբերի 28-ի ժամը 16։30-ին, տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ միաժամանակ աղօթք բարձացուցին յանուն խաղաղութեան։ Քրիստոնեաներու միջեկեղեցական աղօթքը կատարուեցաւ Պապ Լեոն ԺԴ․-ի նախագահութեամբ Հռոմի գլխաւոր խորհրդանիշներէն մէկու՝ Քոլիսէոմի /Կոլիզեումի/ մէջ։ Այլ կրօններու ներկայացուցիչները աղօթեցին Քոլիսէոմի հարակից տարբեր վայրերու մէջ։ Շուրջ կէս ժամ անց բոլորը համախմբուեցան Քոլիսէոմի մօտակայքը բարձրացող Կոստանդինոսի կամարի առջեւ պատրաստուած հարթակի մօտ՝ մասնակցելու եզրափակիչ արարողութեան։ Աւարտին՝ հռչակուեցաւ Խաղաղութեան կոչը, ապա տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ վառեցին Խաղաղութեան մոմակալը /մոմերը/ որպէս համերաշխութեան եւ յոյսի նշան։ Այնուհետեւ կոչի թղթօրինակները բաժնուեցան ներկաներուն՝ որպէս խաղաղութեան ուղերձի տարածման խորհրդանշական քայլ։



