image

7 Յունիսի Ընտրութիւններ. Ո՞ր Կուսակցութիւնները կրնան մտնել Խորհրդարան

7 Յունիսի Ընտրութիւններ. Ո՞ր Կուսակցութիւնները կրնան մտնել Խորհրդարան

«Gallup International Association»-ի Հայաստանի լիիրաւ անդամ «Էմ Փի ՃԻ» ընկերութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան ներկայացուցած է 7 Յունիս 2026-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցախոյզի արդիւնքները։

Այսպէս՝ հարցուածներու 32,4 առ հարիւրը յայտնած է, որ պիտի քուէարկէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան օգտին։

16,4 առ հարիւրը ընտրած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը, իսկ 15,2 առ հարիւրը՝ «Հայաստան» դաշինքը։

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը ստացած է 8,8 առ հարիւր, իսկ «Միասնութեան Թեւեր» կուսակցութիւնը՝ 6,2 առ հարիւր աջակցութիւն։

Ըստ Նաւասարդեանի, ներկայ տուեալներով այս քաղաքական ուժերն են, որոնք վստահաբար կրնան յաղթահարել խորհրդարան մուտք գործելու շեմը։

«ԴՕԿ» կուսակցութեան աջակցած է հարցուածներու 3,2 առ հարիւրը, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան»-ին՝ 3,1 առ հարիւրը։ Նաւասարդեանի գնահատմամբ՝ այս երկու ուժերը եւս ունին խորհրդարան անցնելու ներուժ։

«Նոր ուժ» կուսակցութիւնը ստացած է 2,1 առ հարիւր, «Բոլորին դէմ եմ»՝ 2 առ հարիւր, «Հանրապետութիւն»՝ 1,5 առ հարիւր, իսկ «Հայ Ազգային Քոնկրես»՝ 0,3 առ հարիւր։

Մնացեալ քաղաքական ուժերը ստացած են 0,1-0,3 առ հարիւրի միջեւ արդիւնք։

Հարցուածներուն 4,2 առ հարիւրը հրաժարած է պատասխանելէ, իսկ 2,1 առ հարիւրը նշած է, որ կը դժուարանայ պատասխանել։

Հարցախոյզը կատարուած է հեռաձայնային եղանակով 2-3 Յունիսին։ Մասնակցած են 1104 քաղաքացիներ, իսկ հետազօտութեան ընտրանքային սխալի սահմանը կազմած է 3 առ հարիւր։