image

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Սահմանադրութեան Փոփոխութեամբ Պարտադրել Բոլոր Նախապայմանները

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Սահմանադրութեան Փոփոխութեամբ Պարտադրել Բոլոր Նախապայմանները

Այս կէտերով ալ չէ բաւարարուած Ազրպէյճանը: Հիմա պայման կը դնէ փոխելու Սահմանադրութիւնը: Այլապէս, ըստ այս յայտարարութեան, կարելի չ՛ըլլար հասնիլ խաղաղութեան:

Ալիեւ պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ միւս  փաստաթուղթերուն մէջ փոփոխութիւններու պարագային կարելի կը դառնայ խաղաղութեան հասնիլ:

Այս յայտարարութեան նախօրէին արդէն Հայաստանի վարչապետը ազդարարած էր գործող Սահմանադրութիւնը փոխելու իր որոշման մասին: Այս ձեւով պարզ կը դառնայ, որ պահանջը հնչած է Պաքուէն: Առաջին անգամը չէ, որ Պաքուն ներկայացնողը նման պահանջ կ՛արծարծէ: Այս անգամ գործընթացներու մեկնարկի մասին է խօսքը: Պաշտօնական յայտարարութիւնները փոխլրացուցիչ են:

Բանակցուող խաղաղութեան պայմանագիրի կէտերը, ըստ հրապարակումներու, կը վերաբերէին տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումին: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացայայտած էր հինգ կէտեր, որոնց շուրջ կը խմբագրուէր խաղաղութեան պայմանագիրը: Այդ կէտերէն երկրորդը կ՛ըսէր: «Պետութիւններու կողմէ միմեանց նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան փոխադարձ հաստատում»: Այսինքն` առաջին կէտով, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետական սահմաններու անխախտելիութեան եւ միմեանց քաղաքական անկախութեան  փոխադարձ ճանաչումը բաւարար չէր: Կ՛աւելնար այն, որ կողմերը յանձնառու կ՛ըլլան տարածքային պահանջ չբարձրացնելու:

Այս կէտերով ալ չէ բաւարարուած Ազրպէյճանը: Հիմա պայման կը դնէ փոխելու Սահմանադրութիւնը: Այլապէս, ըստ այս յայտարարութեան, կարելի չ՛ըլլար հասնիլ խաղաղութեան:

Հետեւելով այս տրամաբանութիւններուն, պիտի որոշուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, որուն համար ալ հանրաքուէի կազմակերպում: Փոխուող Սահմանադրութենէն դուրս պիտի գայ Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ ամրագրուած յղումը` Անկախութեան հռչակագիրին:

Այս բոլորը կ՛ենթադրեն, որ տակաւին չ՛երեւիր խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը, որովհետեւ առանց այդ փոփոխութեան կարելի չի նկատեր Ազրպէյճանի նախագահը, հասնիլ խաղաղութեան: Տրուած ըլլալով, որ կանխատեսելի են նաեւ Ազրպէյճանի նախագահաական ընտրութիւններուն արդիւնքները, ուրեմն այս նախապայմանը պիտի շարունակէ մնալ եւ իբրեւ պարտադրանք պահանջուիլ Երեւանէն:

Հիմա պարզ չէ, թէ ի՞նչ են «միւս փաստաթուղթերը»: Առաջինը անշուշտ Անկախութեան հռչակագիրն է: Սահմանադրութենէն անոր յղումին ջնջումը  սահմանադրական կը նկատէ հետագայ ստորագրուելիքները թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ յարաբերակցութեամբ: Յայտնաբար ատով ալ չէ բաւարարուած Ազրպէյճանի նախագահը:

Երկրորդ փաստաթուղթը, որուն մէջ Արցախի հարցին եւ եւ մեր պատմական իրաւունքներու վերականգնման կամ Ցեղասպանութեան հատուցման մասին սկզբունքներ բանաձեւուած են, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրն է:

Պաքուի ակնարկը  մտածել կու տայ, որ այս տեսակի փաստաթուղթերը եւս անհրաժեշտ է չեղեալ նկատել, որպէսզի ընդմիշտ վերանայ Արցախի վերաազատագրման պահանջը պետական քաղաքականութենէն:

Երեւան-Անգարա սառած երկխօսութիւնը պայմանաւորուած է Երեւան-Պաքու բանակցութիւններով: Անգարա ամէն առիթի կը շեշտէ, որ հարցերը փոխկապակցուած են: Սահմանադրութիւն փոխելով, Երեւանը ընդառաջած կ՛ըլլայ Անգարայի նախապայմաններուն: Անկախութեան հռչակագիրը կը խօսի պատմական արդարութեան վերականգնման, համայն հայութեան իղձերու կենսագործման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատար կանգնելու սկզբունքներուն մասին:

Հիմա աւելի քան յստակ է, թէ որքա՛ն անհեթեթ էր ընդգծելն ու շեշտելը, որ Անգարայի հետ բանակցութիւնները կ՛ընթանան առանց նախապայմաններու: Չէր խօսուեր Ցեղասպանութեան, տարածքներու եւ սահմաններու ճանաչման մասին. կը սպասէին պարզապէս պահը, որ Պաքուն դնէր պաշտօնապէս պահանջ դնէր Սահմանադրութիւն փոխելու: Եւ որովհետեւ Անգարան կը փոխկապակցէր Երեւանի հետ իր յարաբերութիւններու հաստատումը, Պաքուի հետ բանակցութիւններու արդիւնաւորումով, ապա ուրեմն այսքան պարզ բանաձեւով կ՛իրականանան բոլոր նախապայմանները: Փոխելով Սահմանադրութիւնը, առանց խօսելու նախապէս բանաձեւուած նախապայմանային կէտերու մասին:

Բոլոր նախապայմանները ամփոփուած են Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջին մէջ: