image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանադրութեան նոր տեքստը պէտք է պատրաստ ըլլայ մինչեւ 2026-ի ընտրութիւնները. Սրբուհի Գալեան

Սահմանադրութեան նոր տեքստը պէտք է պատրաստ ըլլայ մինչեւ 2026-ի ընտրութիւնները. Սրբուհի Գալեան

Հայաստան այժմ կ՚աշխատի Սահմանադրութեան նոր բնագրի վրայ, կը նախատեսուի, որ այն պէտք է պատրաստ ըլլայ մինչեւ 2026 թուականը՝ երկրի մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է ՀՀ արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը Հայաստանի խորհրդարանին մէջ կայացող ԵՄ-Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան կոմիտէի 4-րդ նիստին:

Գալեանը խօսած է ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման ծիրէն ներս իրականացուած քայլերու մասին, որոնցմէ առաջինը սահմանադրական բարեփոխումներն են:

«Դրանք, կարելի է ասել, ընթացիկ փուլում են գտնւում: Գործում է համապատասխան խորհուրդը, կազմուած է Սահմանադրութեան հայեցակարգը: Այժմ մենք աշխատում ենք Սահմանադրութեան նոր տեքստի վրայ, որը, ըստ ստանձնած յանձնառութեան, պէտք է պատրաստ լինի մինչեւ 2026 թուականի ընտրութիւնները»,–ըսած է նախարարը:

Անոր խօսքով՝ Սահմանադրութիւնը պիտի շեշտադրէ մարդու իրաւունքները, այդ շարքին՝ ընկերային–տնտեսական իրաւունքները, ինչպէս նաեւ պիտի պարունակէ շարք մը դրոյթներ՝ կապուած կառավարման կարգի, տարբեր պետական մարմիններու տեղի եւ դերի մասին։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն օրերս ժողովուրդին յղած գաղափարական ուղերձին մէջ յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ համաժողովրդական հանրաքուէով նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու անհրաժեշտութիւն կայ։