image

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Արցախեան Հակամարտութեան Վերամիջազգայնացման Առիթով

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Արցախեան Հակամարտութեան Վերամիջազգայնացման Առիթով

Այս ձեւով նախ Պաքուն կը փորձէ նուիրականացնել այն, որ Բերձորը իր տարածքն է, զայն դուրս կը բերէ «միջանցք»-ի հասկացողութենէն եւ կը շեշտէ, որ անցակէտ տեղադրելը կամ տեղաշարժ սահմանափակելը իր գերիշխան իրաւասութիւններուն մէջ կ՛իյնայ: Նպատակը այս բոլորին հիմնականին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Արցախի կենսաճանապարհը փակելն է:

 

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն որեւէ յայտարարութիւն, կոչ կամ բանաձեւ չէ բխած: Նոյնիսկ եթէ հրապարակուէր նման նիւթ այնուամենայնիւ պարտադիր բնոյթ պիտի չունենար:

ՄԱԿ իրաւականօրէն բոլոր պատճառները ունէր նոյնիսկ առանց արտակարգ նիստ գումարելու պարզապէս պահանջելու, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի տուած որոշումները կիրարկուէին: Չկիրարկելու պարագային, Ազրպէյճան պէտք է սկսելու համար իրաւականօրէն պատասխան տար: Միջազգային մակարդակի վրայ նման նախադէպերու պարագային կ՛որդեգրուին պատժամիջոցներ, ինչ որ կը բացակային Ազրպէյճանի պարագային:

Ազրպէյճան գիտակից է, որ կրնայ համաձայնութիւններ չյարգել, միջազգային կոչեր, որոշումներ անտեսել եւ մնալ անպատժելի: Գիտակից է, որ Ուքրանիոյ պատերազմը, Թուրքիա-Ռուսիա լարուած համագործակցութեան ընթացքը, նաւթային եւ կազային իր գործարքները տարբեր երկիրներու հետ եւ միջնորդական մրցապայքարը տարբեր պետութիւններու միջեւ` երաշխիքներ են իր անպատժելիութեան:

Նկատելի է, որ ՄԱԿ շատ արագ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Ապահովութեան խորհուրդի նիստ կը գումարէ: Արցախի հարցի միջազգայնացման արագութիւնը որոշ տրամաբանութիւն կը յուշէ անշուշտ: Ոչ այնքան մարդասիրական բնոյթ հաղորդելն է խնդիրին,  որքան աշխարհաքաղաքական մրցապայքարը տարածաշրջանին մէջ: Հիմնական շարժառիթը միջազգային ընտանիքին ժողով կայացնելու որոշում տալու կամ միջազգային դատարանի որոշումը չպարտադրելու այս հանգամանքներէն կը բխի:

Նախ կեդրոնանանք մարդասիրական բնոյթ հաղորդելու անպատեհութեան վրայ:  Ազրպէյճանը իր քաղաքական օրակարգը առաջ տանելու համար կը փորձէ օգտագործել մարդասիրական տագնապի թեման` առարկելով, որ նախ Բերձորի միջանցքը փակ չէ, այլ անցակէտեր տեղադրուած են Հայաստանէն դէպի Արցախ զինամթերքի փոխադրութիւնը կանխարգիլելու համար: Եւ եթէ մարդասիրական օժանդակութիւն պէտք է հասցնել, ապա այդ պարագային կարելի է օգտագործել Աղտամ- Ստեփանակերտ ճանապարհը:

Այլընտրանքային ճանապարհը ընդունիլ տալը միջազգային ընտանիքին ամբողջ Պաքուի ռազմավարական նպատակն էր, որ տարբեր ձեւերով յատկապէս Ազրպէյճան, Թուրքիա եւ Ալպանիա եռեակը փորձեց առաջ տանիլ:

Այս ձեւով նախ Պաքուն կը փորձէ նուիրականացնել այն, որ Բերձորը իր տարածքն է, զայն դուրս կը բերէ «միջանցք»-ի հասկացողութենէն եւ կը շեշտէ, որ անցակէտ տեղադրելը կամ տեղաշարժ սահմանափակելը իր գերիշխան իրաւասութիւններուն մէջ կ՛իյնայ: Նպատակը այս բոլորին հիմնականին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Արցախի կենսաճանապարհը փակելն է:

Երկրորդ հանգուցակէտը Աղտամ- Ստեփանակերտ ճամբով օժանդակութիւն ուղարկելն է: Ըստ Պաքուին, ազրպէյճանական «հոգատար» իշխանութիւնները պատրաստ են հանգուցալուծելու Ազրպէյճանի մէջ ապրող «էթնիկ ազգաբնակչութեան» օժանդակութիւն ուղարկելով: Եթէ Բերձորի փակումը Հայաստանի հետ կենսաճանապարհի արգելակումն է, երկրորդինը` Պաքուի յայտարարած համարկումի օրակարգն է:

Հետեւաբար, զուտ մարդասիրական աղէտի էութիւն հաղորդելը Արցախի պաշարումին, հիմնախնդիրի էութեան շեղում կ՛արձանագրէ: Մարդասիրական աղէտը պարզապէս մեթոտաբանութեան մէկ մասն է ցեղային զտում եւ ամբողջական հայաթափում իրականացնելու համար:

Արցախի հարցի միջազգայնացման ներկայ միտումներուն մէջ հայկական կողմի ռազմավարական մօտեցումները կրնան հիմնուիլ քանի մը հիմնադրոյթներու վրայ:

Ա.- Կանխարգիլել Աղտամը Բերձորին այլընտրանք նկատելու Պաքուի քաղաքականութիւնը:

Բ.- Բերձորի միջանցքի վերաբացման աշխատանքներուն ընթացքին շեշտել, «միջանցք» հասկացողութիւնը` նկատի ունենալով այդ հասկացողութենէն հրաժարելու Ազրպէյճանի ճիգերը:

Գ.- Մարդասիրական աղէտի գոյութիւնը արծարծել իբրեւ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուող միջոց ցեղային զտում իրականացնելու եւ ամբողջովին Արցախը հայաթափելու:

Ե.- Վերադարձնել Արցախի հակամարտութեան էութիւնը Արցախի հարցի միջազգայնացման քննարկումներուն` շեշտելով ցեղասպանութեան անմիջական վտանգը եւ անոր դիմաց «Ճանաչում յանուն փրկութեան» սկզբունքը:

Արցախի հակամարտութեան վերամիջազգայնացման ներկայ գործընթացներուն յենիլ Արցախի Ազգային ժողովի որդեգրած յայտարարութիւններուն վրայ, միշտ իբրեւ բանակցային առանցք նկատի ունենալով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրաւաչափութիւնը: