image

Խափանարարական արարք Լիբանանցի ելեւմատգէտ՝ Սամիր Սըֆէյրին դէմ (Տեսանիւթ)

   Խափանարարական արարք Լիբանանցի ելեւմատգէտ՝ Սամիր Սըֆէյրին դէմ (Տեսանիւթ)

Լիբանանի ելեւմտական շրջանակներուն մէջ յայտնի անուն հանդիսացող Սամիր Սըֆէյրի դէմ խափանարարական արարք մը տեղի ունեցած է։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

Տեսանիւթով ուղեկցուած լուրէն յայտնի կը դառնայ, որ Սամիր Սըֆէյր որ հանդիպման մը ընթացքին խօսքով հանդէս կու գար  անկանկալի եկած է, երբ պայթուցիկ նիւթեր պայթած են։

 

 Աւելի ուշ Լիբանանեան դրամատուներուն մէջ աւանդներ ունեցող հասարակութեան դիմատետրի էջը գրառում մը կատարած է եղածին վերաբերեալ մասնաւորապէս գրելով, որ «այս մէկը պարզապէս կատակ մըն է, եւ յառաջիկային այլ գործողութիւններ պիտի տեսնէք»։

 

Նշենք, որ երկար ժամանակով «Պանք օֆ Պէյրութ»ի տնօրէն հանդիսացած Սֆէյր կարգ մը շրջանակներու կողմէ կը համարուի մեղսակից այն վիճակին, որուն հասած են լիբանանցի աւանդատէրերը։