«Խաղաղութեան խորհուրդի» կազմը, որ պիտի կառավարէ Կազայի հատուածը, պիտի յայտարարուի 2026 թուականի սկիզբը. խորհուրդի կազմին մէջ պիտի ըլլան շարք մը երկիրներու ղեկավարներ:
Այդ մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:
«Մենք այդ պիտի ընենք յաջորդ տարուան սկիզբը», -ըսած է ՝ Սպիտակ տան մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն:
Անոր խօսքով՝ այդ մարմինը, որու նախագահն, ինչպէս կ՚ակնկալուի, պիտի ըլլայ Թրամփը, պիտի դառնայ «առասպելական խորհուրդ»:
«Անոնք հիմնական պիտի ըլլան ամենակարեւոր պետութիւններու ղեկավարները: Անոնք բոլորը կ՚ուզեն ըլլալ խորհուրդի կազմի մէջ», -աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը:
Հոկտեմբեր 9-ին Իսրայէլը եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը՝ Եգիպտոսի, Քաթարի, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ, համաձայնած են իրականացնել Թրամփի կողմէ ներկայացուած խաղաղութեան ծրագրի առաջին փուլը։ Յաջորդ օրը Կազայի հատուածին մէջ ուժի մէջ մտած է հրադադարի ռեժիմը։ Ինչպէս հաղորդած է Axios լրատուական հարթակը, Թրամփը կը նախատեսէ Կազայի հատուածին մէջ կարգաւորման երկրորդ փուլի մեկնարկի մասին յայտարարել մինչեւ դեկտեմբեր 25-ը։