Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գործող փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսն ու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն համարած է «երազանքի խումբ» եւ 2028-ի ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան հաւանական թեկնածուներ։
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ յղում կատարելով The Hill պարբերականին։
Սպիտակ տան Վարդերու պարտէզին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մասնակիցներուն Թրամփ առաջարկած է ծափահարութիւններով «քուէարկել»՝ հարցնելով, թէ ո՛վ կը նախընտրէ Ճէյ Տի Վենսը, իսկ ո՛վ՝ Մարքօ Ռուպիոն։
«Ի դէպ, ես վստահ եմ, որ սա երազանքի խումբ է։ Բայց ասոնք մանրուքներ են։ Սա չի նշանակեր, որ դուք ամէն պարագայի ունիք իմ աջակցութիւնս։ Սակայն, գիտէք, կը կարծեմ, որ այս ամէնը կը հնչէ որպէս նախագահի եւ փոխնախագահի թեկնածուներ»,- նշած է Թրամփ։
Միեւնոյն ատեն Թրամփ չէ յստակացուցած, թէ այդ երկուքէն ո՛վ կը տեսնէ իբրեւ ապագայ նախագահ, իսկ ո՛վ՝ իբրեւ փոխնախագահ։
ԱՄՆ նախագահի յաջորդ ընտրութիւնները պիտի կայանան 2028 թուականի նոյեմբերին։