image

Կազայի «Խաղաղութեան խորհուրդ»ի կազմը պիտի յայտարարուի 2026 թուականի սկզբը. Թրամփ

Կազայի «Խաղաղութեան խորհուրդ»ի կազմը պիտի յայտարարուի 2026 թուականի սկզբը. Թրամփ

«Խաղաղութեան խորհուրդի» կազմը, որ պիտի կառավարէ Կազայի հատուածը, պիտի յայտարարուի 2026 թուականի սկիզբը. խորհուրդի  կազմին մէջ պիտի ըլլան շարք մը երկիրներու ղեկավարներ:

Այդ մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:

«Մենք այդ պիտի ընենք յաջորդ տարուան սկիզբը», -ըսած է ՝ Սպիտակ տան մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն:

Անոր խօսքով՝ այդ մարմինը, որու նախագահն, ինչպէս կ՚ակնկալուի, պիտի ըլլայ Թրամփը, պիտի դառնայ «առասպելական խորհուրդ»:

«Անոնք հիմնական պիտի ըլլան ամենակարեւոր պետութիւններու ղեկավարները: Անոնք բոլորը կ՚ուզեն ըլլալ խորհուրդի կազմի մէջ», -աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը:

Հոկտեմբեր 9-ին Իսրայէլը եւ պաղեստինեան «​​Համաս» շարժումը՝ Եգիպտոսի, Քաթարի, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ, համաձայնած են իրականացնել Թրամփի կողմէ ներկայացուած խաղաղութեան ծրագրի առաջին փուլը։ Յաջորդ օրը Կազայի հատուածին մէջ ուժի մէջ մտած է հրադադարի ռեժիմը։ Ինչպէս հաղորդած է Axios լրատուական հարթակը, Թրամփը կը նախատեսէ Կազայի հատուածին մէջ կարգաւորման երկրորդ փուլի մեկնարկի մասին յայտարարել մինչեւ դեկտեմբեր 25-ը։