Իսրայէլը թոյլ չի տար Կազայի հատուածին մէջ Պաղեստինի Պետութիւն ստեղծել, իսկ տարածաշրջանի վերակառուցումը պիտի չսկսի, մինչեւ Կազան չապառազմականացուի, «Համաս» արմատական իսլամիստական շարժումն ալ լիովին չզինաթափուի։ Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։ Ան ընդգծած է, որ Իսրայէլը մտադիր է պահպանել վերահսկողութիւնը Յորդանան գետէն մինչեւ Միջերկրական ծովու ամբողջ տարածքի, այդ շարքին՝ Կազայի հատուածի վրայ։
Իսրայէլի վարչապետը նշած է, որ յունուար 26-ին վերջին պատանդի՝ 24-ամեայ Ռան Կվիլիի աճիւնի մնացորդները վերադարձնելէ ետք Իսրայէլը կեդրոնացած է «Համաս»-ի սպառազինութեան ոչնչացման եւ Կազայի հատուածի ապառազմականացման վրայ, որ կը ներառէ զինեալներու փապուղիներու ոչնչացումը։ Նաթանիահուի խօսքով՝ այդ ձեռք պիտի բերուի պարզ կամ բարդ եղանակով, բայց «ամէն պարագային» տեղի պիտի ունենայ: