image
Հրատապ լուրեր:

Կազայի հատուածին մէջ Պաղեստինի Պետութիւն պիտի չըլլայ. Նաթանիահու

Կազայի հատուածին մէջ Պաղեստինի Պետութիւն պիտի չըլլայ. Նաթանիահու

Իսրայէլը թոյլ չի տար Կազայի հատուածին մէջ Պաղեստինի Պետութիւն ստեղծել, իսկ տարածաշրջանի վերակառուցումը պիտի չսկսի, մինչեւ Կազան չապառազմականացուի, «Համաս» արմատական ​​իսլամիստական շարժումն ալ լիովին չզինաթափուի։ Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։ Ան ընդգծած է, որ Իսրայէլը մտադիր է պահպանել վերահսկողութիւնը Յորդանան գետէն մինչեւ Միջերկրական ծովու ամբողջ տարածքի, այդ շարքին՝ Կազայի հատուածի վրայ։

Իսրայէլի վարչապետը նշած է, որ յունուար 26-ին վերջին պատանդի՝ 24-ամեայ Ռան Կվիլիի աճիւնի մնացորդները վերադարձնելէ ետք Իսրայէլը կեդրոնացած է «Համաս»-ի սպառազինութեան ոչնչացման եւ Կազայի հատուածի ապառազմականացման վրայ, որ կը ներառէ զինեալներու փապուղիներու ոչնչացումը։ Նաթանիահուի խօսքով՝ այդ ձեռք պիտի բերուի պարզ կամ բարդ եղանակով, բայց «ամէն պարագային» տեղի պիտի ունենայ: