image

Կայուն զարգացման կողքին, կայուն կրթութեան համակարգ

 Կայուն զարգացման կողքին, կայուն կրթութեան համակարգ

 Նոր սերունդներու կրթութեան գործընթացները կը շարունակեն Հայաստանի հասարակութեան լայն շերտերուն համար մնալ առանցքային թեմա։

 Ընտանեկան ամենասեղմ օղակներէն մինչեւ ընկերութիւնը կազմող հիմնական շերտեր այսօրուան կտրուածքով գիտակցումը կայ, որ այսօրուայ կեանքի արդիականութեան շունչին եւ ընթացքին կողքին հիմնարար դրոյթ մըն է լաւ կրթութիւն եւ արդիական մեթոտներով գործող կրթական համակարգ մը ունենալու ընդհանրութիւնը։

 

 «Դարը փոխուած է» մի քանի շերտեայ խօսքին հետ առանցքային կը դառնայ, այն մտորումը, թէ այսօրուան փոփոխուող եւ ամէն օր նոր ուղենիշներով աճող կեանքին մէջ, կարեւոր է ձեռք ձգել այն բանալիները, որոնք օգտակար դեր պիտի ունենան բանալու համար այն բոլոր ճանապարհները, որոնք պետք են ցանկացած հասարակութեան համար առողջ, նախաձեռնող եւ մեր դարու լեզուով խօսող սերունդներ մէջտեղ բերելու համար։

 

 Այս առումով անշուշտ Հայաստանի մէջ, ու կապուած մասնաւորապէս կրթական համակարգի ուրոյն բաղադրիչներուն հետ բաւական բան փոխուած է։

 Խորհրդային (Սովետական) պետութեան կերտած համակարգէն դէպի մեր օրերու կրթական համակարգ «ճամբորդութիւն»ը բնականօրէն եղած է բաւականին դանդաղ, դժուարին եւ ժամանակատար, բայց եւ այնպէս այդ բոլոր դժուարութիւններուն դէմ դնելն ու յաղթահարումը յաջողութեան հասած են միայն այն պարագային, երբ արտաքին ազդակներով սնուող ցանկացած համակարգ իր մէջ ցանած եւ հասցուցած է ներքին բաղադրիչներով, տեղական ընկալումներով եւ հարոգստ աւանդոյթներով աճած ու կայմուած համակարգ մը։

 Նոյնը կարելի է ըսել կրթական համակարգին մասին, որ այսօր եւս կը շարունակէ մնալ մեր հասարակութեան ամենաառանցքային ոլորտներէն մին, եւ որուն առընթեր կենսական ճիգեր կը գործադրուին զայն նորացնելու, թարմացնելու եւ այսօրուան պահանջներուն համահունչ դարձնելու տեսակէտէն։

Բնականաբար լաւ կրթական ոլորտ ունենալը կը նշանակէ ունենալ բարձր վճարուող եւ գնահատուած ուսուցչական կազմ, առողջ եւ արդիական համակարգ եւ կրթական առարկաներու կամ նիւթերու թարմ մատուցումը ապահովող գրքերու լսողատեսողական միջոցներու իսկական զինանոց։

 Ու այս բոլորը կ՚ենթադրեն դրամական մեծ հոսքեր, ապահովելու համար վերը նշուած հիմնարար ազդակները։

 Այս ծիրին մէջ ալ ուրախալի է անշուշտ, որ Հայաստանի մէջ գործող կարգ մը հզօր կազմակերպութիւններու եւ պետութեան ընդհանուր գանձանակին համար մեծագումար տուրքեր ապահովող հիմնարկներու համար կրթութիւնն ու կրթական հիմնարկները ունեցած են եւ ունին առաջնային տեղ։

Այդ մէկն ընթացք կ՚առնէ դպրոցական համակարգին օգնելու ու հասնելով մինչեւ հիմնարկներուն ու համալսարաններուն մէջ սորվող ուսանողներուն նեցուկ կանգնելով։

 Ու բնականաբար «Զանգեզուրի Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւն»ը (ԶՊՄԿ) ունեցած եւ եւ ունի իր որոյն դիրքն ու դերը։

Այս առումով ալ յաւելեալ կերպով իրազեկելու համար կրթական ոլորտին ուղղուած ԶՊՄԿ-ի դերն ու տեղը ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան (ԶՊՄԿ) բարեգործական հիﬓադրամի հաշուապահ Անուշ Պետունցի կարեւոր դիտարկումները։

Պետունց խօսելով եւ անդրադառնալով կրթական ոլորտին նեցուկ կանգնելու թեմային մասնաւորապէս ըսած է ՝«Նախապէս հիﬓադրամը կը փոխհատուցէր ընկերութեան աշխատակիցներու եւ անոնց ընտանիքի մէկ անդամի տարեկան ուսման վարձի կէսը, յաջորդ կէսը կը վճարէր Ընկերութիւնը՝ աշխատակիցի կողմէն մաս-մաս վերադարձնելու պայմանով։ 2022-23 տարեշրջանի ուսումնական տարուան երկրորդ կիսամեակէն սկսեալ փոխուած կարգի համաձայն՝ փոխհատուցումը սկսաւ իրականացուիլ առաջադիմութեան թերթիկի արդիւնքներուն համարժէք չափով : Պարզեցնելու համար նշենք, որ նախապէս՝ անկախ ուսանողի առաջադիմութենէն, հիﬓադրամը կը վճարէր ուսման վարձի միայն կէսը, իսկ ﬓացածը կը վճարէր ծնողը։ Նոր կարգով նոյնպէս կը փոխհատուցուի բոլոր ուսանողներու տարեկան վարձի 50 տոկոսը, բայց բարձր առաջադիմութիւն ունեցողներու պարագային՝ վարձի մինչեւ 100 տոկոսը։ Այսինքն՝ որքան բարձր է առաջադիմութիւնդ, ուսմանդ վարձէն այնքան շատ մաս կը փոխհատուցուի։ Կան շատ ուսանողներ, որոնք առաջին կիսամեակին ստացած են միայն 50 տոկոսի չափով փոխհատուցում, սակայն յաջորդ կիսամեակին բարձրացուցած են ՄՈԳ-ը (Միջին որակական գնահատական) եւ արժանացած ուսման վարձի ամբողջական փոխհատուցման։ Այս նոր կարգով աւելցած է կրթավճարներու փոխհատուցման ընդհանուր ծաւալը. եթէ 2021 թուականին այդ նպատակով հիմնադրամը տրամադրած էր 254 միլիոն դրամ, 2023 թուականին այդ թիւը հասած է 337 միլիոնի։ Կտրուկ աւելցած է նաեւ դիմողներու թիւը՝ 2021 թուականին ուսման փոխհատուցում ստանալու համար հիﬓադրամ դիմած է 1170 ուսանող, իսկ անցեալ տարի՝ 1750։ Ներդրուած բանաձեւն ամբողջութեամբ արդարացուցած է նպատակը։ Այսպիսով ﬔնք կը խրախուսենք եւ կը խթանենք յառաջադիմութիւնը։»