image

Վարդավառի տօնը Քեսապի մէջ. Ուխտագնացութիւն դէպի Գարատուրան

Վարդավառի տօնը  Քեսապի մէջ. Ուխտագնացութիւն դէպի  Գարատուրան

Ինչպէս  ամէն տարի, այս տարի եւս Քեսապի մէջ նշուած է Վարդավառի տօնը։ Այս առթիւ ալ  Քեսապի հայ կաթողիկէ համայնքի զաւակները գլխաւորութեամբ   Քեսապի Հայ Կաթողիկէ հոգեւոր Հովիւ  Հայր Նարեկ  Վարդապետին մեկնած են դէպի Գարատուրան՝ «Կեղեցիկ» անունով  յայտնի ուխտավայր։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Քեսապի իր աղբիւրէն։

Ստորեւ այդ մասին   խմբագրութեանս  ուղարկուած լրատւութիւնը։

Տարիներու աւանդութեան համաձայն,  այս տարի եւս Կիրակի` 7 Յուլիս 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5։00-ին, Քեսապի ` Գարատուրանի «Կեղեցիկ» ուխտավայրին մէջ, Այլակերպութեան`  «Վադավառի» տօնին առթիւ ուխտաւոր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց տեղւոյն ժողովրդապետ` Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ.Լուիսեան։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղօտհնէք։Հայր Նարեկը իր քարոզին մէջ ըսաւ.« դարեր շարունակ Քեսապի ուխտի օրը,  Քեսապցիներուն համար եղած էր «Վարդավառի» օրը։Ամբողջ Քեսապը իր տասներկու գիւղերով  ուխտաւոր էր, ժողովուրդը խումբերով կը բարձրանար «Կասիոս» լեռը, ուր կը գտնուի «Պալլումի» ուխտատեղին։Նախատօնակի գիշերը կը սկսէր ժողովրդական ուրախութիւն-խրախճանքը։Շուրջպարի կը մտնէին պարման-պարմանուհիները, ծեր ու երիտասարդ հարսներ, աղջիկ ու տղայ, ու բոլոր ուխտաւորները անխտիր։Երգի ֊երաժշտութեան, դհոլ զուռնայի ձայնը, «Ճեպել Աքրայէն»` «Կասիոսէն» կը հասնէր «Մուսա Լեռ» եւ մինչեւ «Քաղոք», Անտիոք, եւ հարաւէն` Լաթաքիա։Կիրակի առաւօտեան Քեսապահայութիւնը երկիւղածութեամբ կը մասնակցէր Այլակերպութեան տօնի Սուրբ Պատարագին «Պալլումի» հաւատքով ու տեղի կ՛ունենար մատաղօրհնէք։

 Աւանդաբար կը պատմուի, որ սոյն վայրին մէջ նախապէս գոյութիւն ունեցած է հեթանոսական ատրուշան եւ Մեծն Տիգրան իր հերթական արշաւանքներու ժամանակ, ելած է «Կասիոս» լերան  Բարձունքը եւ հոն մատաղ կատարած է, որ իր արշաւանքները յաջողութեամբ պսակուին։1939էն ասդին, Քեսապի` «Կասիոս» լերը գերի է թուրքերուն։Շնորհիւ Երջանկայիշատակ` Կարդինալ Գրիգոր֊Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս֊Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետին ջանքերուն` 1939֊ին, Կիլիկիոյ հայկական Քեսապ աւանը ընդգրկուեցաւ Սուրիոյ սահմաններու մէջ։

  Կարդինալին ունեցած ներդրումին որպէս գնահատանք, 1955֊ի Հոկտեմբերին Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ` Վսեմաշուք Շուքրի Քուէթլի զինք պարգեւատրեց Սուրիոյ ամենամեծ պատուոյ շքանշանով։Այսօր 85 ֊տարիներ ետք Քեսապահայերս զայրոյթով կը դիտենք մեր բռնագրաւուած «Կասիոս» լերան «Պալլում» ուխտատեղին ու կ'ուխտենք կառչած մնալ մեր հաւատքին, պապենական հողերուն եւ աւանդութիւններուն»։