Ռուսիոյ Վորոնեժի մարզին մէջ մարդոց տարհանում իրականացուած է, ուքրանական անօդաչու սարքերը հարուածած են Սերկիեւքա գիւղի զինամթերքի պահեստը:
Նահանգապետ Կուսեւի խօսքով՝ տուժածներ չկան, սակայն տարածքի բնակիչները տարհանուած են։ Ճանապարհները փակուած են, դէպքի վայր ժամանած են շտապօգնութեան ծառայութիւնները, զինուորականներ եւ պետական պաշտօնեաներ:
«Վորոնեժի շրջանի Սերկիեւքա գիւղին մէջ կը պահուէին «երկիր-երկիր» եւ «երկիր-օդ» հրթիռներ, հրասայլեր եւ հրետանիի արկեր, հրազէնի փամփուշտներով արկղեր: Այս պահեստէն ռուսերը զինամթերք կը մատակարարեն Ուքրանիոյ մէջ գտնուող իրենց զօրքերուն»,-ըսած է պաշտօնեայ մը՝ անանուն մնալու պայմանով։
Հարուածները տեղի ունեցած այն բանէ ետք, երբ ուքրանացի զինուորականներու ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Քիեւի զօրքերը նահանջած են Տոնեցքի մարզի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Չասով Եարի ծայրամասային թաղամասէն:
Ռազմական վերլուծաբաններու կարծիքով՝ Չասով Եարի անկումը կրնայ սպառնալ նաեւ մօտակայ քաղաքներ ուքրանական մատակարարման կարեւոր ուղիներուն, ինչն ալ Ռուսիան կը մօտեցնէ յայտարարուած նպատակին՝ գրաւել ամբողջ Տոնեցքի շրջանը: